Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերսկսած Է «Հիւսիս-Հարաւ» Մայրուղիի Թալին-Կիւմրի Հատուածի Շինարարութիւնը

Վերսկսած Է «Հիւսիս-Հարաւ» Մայրուղիի Թալին-Կիւմրի Հատուածի Շինարարութիւնը

by MassisPost

Շուրջ մէկ տարուայ դադարէն յետոյ վերսկսած են «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի Թալին-Կիւմրի հատուածի կառուցման աշխատանքները:

Մօտ 46 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհի շինարարութեան աշխատանքները կատարող չինական «Սինոհիտրո Քորփըրեյշըն»-ի աշխատակիցները ամիսներ շարունակ «Քորոնա» ժահրի պատճառով չէին կրցած Հայաստան ժամանել: Այժմ, սակայն, անոնցմէ խումբ մը արդէն ժամանած է եւ անկէ յետոյ շինարարական աշխատանքները վերսկսած են:

«Քորոնա» ժահրի համավարակը բաւական վնաս հասցուց ծրագիրը կատարելուն», – «Ազատութիւն»ին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ չինական ընկերութեան ծրագրի ղեկավար՝ Կաո Կուիխուան:

Աշխատանքներու ուշ մեկնարկին պատճառով կառուցման ժամկէտներու փոփոխութիւներ տեղի պիտի ունենան: Հիմա Թալին-Լանջիկ եւ Լանջիկ-Կիւմրի հատուածներու շահագործման նոր ժամկէտներ կը նշուին:

«Մեր քննարկումները աւարտեցան, որոշումը կայացած է, կը մնայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս հաստատէ: 2022 թուականի Յուլիսին եւ Դեկտեմբերին կ’աւարտենք շինարարական աշխատանքները», – նշեց «Սինոհիտրո Քորփըրեյշըն»-ի ծրագրի ղեկավարը:

Այս ընթացքին նաեւ ծրագիրին մէջ փոփոխութիւն եղաւ, եւ արդէն որոշուած է, որ Թալին-Կիւմրի հատուածը ոչ թէ պեթոնէ ճանապարհ պիտի կառուցուի, ինչպէս նախագծուած էր ի սկզբանէ, այլ պիտի  կուպրապատուի:

Պեթոնը կուպրով փոխարինելու համար շարք մը հանգամանքներ նպաստած են, ըսաւ չինացի ճանապարհաշինարարը: Ըստ Կաո Կուիխուային՝ պեթոնի հետագայ սպասարկումը աւելի ծախսատար է, քան կուպրինը. – «Պեթոն ինքն իրենով մեծ ու ծախսատար աշխատանք է: Ենթադրենք՝ պեթոնէ ճանապարհը կառուցուեցաւ, անկէ յետոյ սպասարկումը շատ թանկ կը նստի, այսինքն՝ եթէ ճաքեր ու վնասուած տեղեր ըլլան, մեծ հատուած մը պիտի քանդուի, կրկին պեթոն պիտի ըլլայ, ինչ որ բաւական ծախսերու հետ կապուած է: Իսկ կուպրը սկզբնական շրջանին  աւելի թանկ է ընելը, բայց հետագային սպասարկումը աւելի աժան է»:

Եթէ եղանակային պայմանները թոյլ տան, ուրեմն Հոկտեմբերին ճանապարհի որոշ հատուած կը կուպրապատուի: Չինաստանէն ներմուծուած ու արդէն այստեղ հաւաքուած է կուպրի գործարանը, ժամական 240-320 թոն արտադրական ծաւալով: Եռաշերտ կուպր պիտի ըլլայ, շերտի հաստութիւնը 20 սանթիմեթրով:

Մէկ քառակուսի մեթր կուպրը աժան է՞, թէ՞ պեթոնը. Կաո Կուիխուան ընդգծեց, որ մրցոյթին շահած գինի մէջ կը տեղաւորուին: «2015 թուականին, երբ մենք մրցոյթը շահեցանք, այդ մրցոյթի գինէն չի տարբերիր: Այնպէս հաշուարկած ենք, որ տեղաւորուինք այդ գինին մէջ», – ըսաւ չինացի ճանապարհաշինարարը:

Յիշեցնենք, որ Թալին-Կիւմրի ճանապարհի կառուցման համար 100 միլիոն տոլար եւ 72 միլիոն եւրօ վարկային միջոցներ պիտի ներդրուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment