Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովի Նախագահն ու Վեհափառը Քննարկած են Միջազգային Համաձայնագրերուն Եւ Կրթական Չափորոշիչներուն Վերաբերող Հարցեր

Ազգային Ժողովի Նախագահն ու Վեհափառը Քննարկած են Միջազգային Համաձայնագրերուն Եւ Կրթական Չափորոշիչներուն Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան Սեպտեմբեր 8-ին ընդունած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին երկրորդը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման հրաւէրը ընդունելու համար, Ազգային Ժողովի նախագահը նշած է, որ եկեղեցի-պետութիւն եւ եկեղեցի-կրթական համակարգ յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հասարակական հնչեղութիւն ունեցող հարցեր այժմ կը քննարկուին, եւ աւելցուցած, որ Հայ Առաքելական սուրբ եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ ազգի յենասիւներէն մէկը ու 21-րդ դարուն ալ կը շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը պետութեան հետ, յանուն հայ ժողովուրդի բարօրութեան, ըսուած է ԱԺ հասարակութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Վեհափառը նշած է, որ բազում հարցեր ծառացած են ժողովուրդի եւ պետութեան առջեւ, եւ այդ մարտահրաւէրները դիմակայելու հարցով մեծապէս կարեւոր է Ազգային ժողովի օրէնսդրական առաքելութիւնը: Ան աւելցուցած է, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին անկախութենէն ի վեր սերտօրէն գործակցած է Ազգային ժողովին հետ, եւ այդ գործակցութիւնը նաեւ իր դրական արդիւնքը ունեցած է եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները կարգաւորող օրէնսդրութեան մշակման գործով:

ԱԺ-ի նախագահն ու Վեհափառը անդրադարձած են միջազգային համաձայնագրերու եւ կրթական չափորոշիչներու վերաբերող հարցերուն: Վեհափառը վերահաստատած է, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին պիտի շարունակէ ջանքերը հայրենիքի զօրացման, պետութեան ամրացման եւ ժողովուրդի երջանիկ, խաղաղ եւ ապահով կեանքի կերտման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment