Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 97-ով, Բուժուածներունը՝ 634-ով, Գրանցուած Է Մահուան 2 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 97-ով, Բուժուածներունը՝ 634-ով, Գրանցուած Է Մահուան 2 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 97-ով՝ հասնելով 43 878-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 2 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր ժամը 11-ի սահմաններուն կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 634-ով եւ հասած 38 356-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 989 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 206 929-ի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment