Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վաչական Ղազարեանի Նկատմամբ Յարուցուած Է Նոր Քրէական Գործ

Վաչական Ղազարեանի Նկատմամբ Յարուցուած Է Նոր Քրէական Գործ

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութենէն ներս (ՅՔԾ) հերթական քրէական գործ յարուցուած է Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի նախկին պետ՝ Վաչական Ղազարեանի նկատմամբ:

Ըստ ՅՔԾ-ի խօսնակ՝ Մարինա Օհանջանեանին, գործը յարուցուած է Քրէական օրէնսգրքի 179-րդ յօդուածի յատկանիշներով: Ըստ գործին, նախկին պաշտօնեան, օգտագործելով պաշտօնէական դիրքը, առանձնապէս խոշոր չափի վատնում կատարած է:

ՅՔԾ-էն հրաժարած են մանրամասնութիւններ յայտնելէ: Գործին մանրամասնութիւնները հրապարակած է «Առաջին լրատուականը»: Վաչական Ղազարեան, ըլլալով Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Պետական պահպանութեան ծառայութեան (ՊՊԾ) ղեկավարի տեղակալ, օգտագործելով պաշտօնէական դիրքը, ՊՊԾ աշխատակիցներէն, կնոջը համար վարորդ յատկացուցած է: Բացի այդ, եւս վեց աշխատակից հսկած են Ղազարեանին ու իր կնոջ պատկանող «Եանս» ճաշարան համալիրի անվտանգութիւնը: Այսինքն` պետական միջոցներով Ղազարեան 2013-2017 թուականներուն ապահոված է իր ճաշարան համալիրի անվտանգութիւնը, որու հետեւանքով պետութեան պատճառած է հսկայական վնաս:

«Սա նախկին իշխանութեան ժամանակ պետութեան զաւթման դրուագներից ընդամէնը մէկն է եւ յստակ այս գործը քննութեան առարկայ պէտք է դառնայ նաեւ Վաչական Ղազարեանի ունեցուածքի աղբիւրները բացայայտելու տեսանկիւնից», – ըսած է «Թրանսփարընսի Ինթըրնեյշնլ» հակաքորուփցիոն կեդրոնի գործադիր տնօրէն՝ Սօնա Այվազեան: – «Պետութեան պաշտօնեան, որի մէջքին կանգնած է եղել անշուշտ Սերժ Սարգսեանը, իր դիրքը օգտագործել է եւ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութեամբ կարողացել է պետական մէկ այլ կառոյցի միջոցները օգտագործել իր ընտանեկան նպատակներով: Այսինքն` այն լծակները, որոնք որ իրենք ունեցել են իշխանութեան մէջ, իրենք դա տնավարի օգտագործել են իրենց ուզած նպատակներով, իրենց ցանկացած որոշումների ընդունման համար»:

Ըստ ՅՔԾ-ի մամլոյ խօսնակին, Վաչական Ղազարեանին այս գործով դեռ մեղադրանք չէ առաջադրուած:

Մինչ այս Վաչական Ղազարեանն ու իր կինը կ’անցնէին մէկ այլ քրէական գործով` ապօրինի հարստացման եւ հարկերէն խուսափելու, որ այս տարեսկզբին վերջացաւ:

«Առաջին լրատուականի» փոխանցումով, ՊՊԾ-ի նախկին ու ներկայ աշխատակիցները արդէն իսկ հարցաքննուած են եւ իրաւապահներուն յայտնած, որ կատարած են Վաչական Ղազարեանի հրամանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment