Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքուն Վերստին Քրեմլինէն Պարզաբանում Կը Պահանջէ Հայաստանին Զէնքի Մատակարարումներու Առնչութեամբ

Պաքուն Վերստին Քրեմլինէն Պարզաբանում Կը Պահանջէ Հայաստանին Զէնքի Մատակարարումներու Առնչութեամբ

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն ամենաբարձր մակարդակով վերստին պարզաբանում կը պահանջէ Քրեմլինէն` Հայաստանին մատակարարուող զէնք-զինամթերքի վերաբերեալ:

«Տրուած պատասխանները մեզ չեն գոհացուցած», – շաբաթ օր յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական՝ Հիքմեթ Հաճիեւը:

Ատրպէյճանի Միլի մեճլիսի պատգամաւոր, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի մօտ ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար՝ Ազայ Կուլիեւ այս մասին ծաւալուն յօդուած հրապարակած է ռուսական «Ինթըրֆաքս»-ին մէջ: «Ատրպէյճանը մշտապէս ձգտած է Ռուսաստանի հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնել այնպէս, որպէսզի կողմերէն որեւէ մէկու շահերը չտուժեն: Աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն ունեցող բազմաթիւ որոշումներ կայացնելու ժամանակ, Ատրպէյճանը գործած է առաւելագոյնս անկեղծ այդ գիծը պահելու համար, մինչդեռ, ցաւօք, Ռուսաստանէն մեր շարք մը սպասելիքները չարդարացան», – ըսած է Միլի մեճլիսի պատգամաւորը:

Հարցը շաբաթներ առաջ անձամբ նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ բարձրացուցած էր ռուս գործընկերոջ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ: Պաշտօնական Պաքուն հաղորդած էր, որ Ալիեւը դժգոհած է, թէ Յուլիսին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ արձանագրուած բախումներէն յետոյ Ռուսաստանը շուրջ 400 թոն ռազմական նշանակութեան բեռ ուղարկած է Հայաստան՝ Ղազախիստանի, Թուրքմենիստանի եւ Իրանի տարածքներով: Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ Ալիեւը ընդգծած է, որ Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի հիմնական նպատակը եղած է պարզել այդ հարցը, որ լուրջ անհանգստութիւն առաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ:

Քրեմլինը, հաղորդելով երկու նախագահներու հեռախօսազրոյցի մասին, այդ թեմային ընդհանրապէս չէր անդրադարձած: Այդուամենայնիւ, օրեր անց Մոսկուան Պաքու գործուղած էր պաշտպանութեան նախարար՝ Սերկէյ Շոյկուին, որ տեղւոյն վրայ հաւաստիացուցած էր, թէ Ռուսաստանի գործողութիւնները ուղղուած չեն Ատրպէյճանի դէմ, եւ որ իրենք ընդամէնը շինարարական աշխատանքներ կը կատարեն Գիւմրիի 102-րդ ռազմակայանէն ներս:

«Այդ բացատրութիւնը մեզ չէ գոհացուցած», – Շոյկուին ճանապարհելէն ետք յայտարարած է Ալիեւի օգնականը: «Մենք մեր բարձրացուցած հարցերուն սպառիչ պատասխանը չենք ստացած եւ պարզաբանումներ կ’ակնկալենք, թէ ինչու Հայաստանը կը շարունակէ ուժգնօրէն զինուիլ: Փաստարկները, թէ այդ օդանաւերով իբր շինանիւթ տեղափոխուած է, մեզի չեն համոզեր՝ անոր համար կարող էր բեռնափոխադրման այլ տարբերակ ընտրուիլ», – յայտարարած է Հիքմեթ Հաճիեւը:

Նոյնը պնդած է նաեւ պատգամաւոր Ազայի Կուլիեւը, որ միաժամանակ նշած է, թէ Ռուսաստանը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր է, ինչպէ՞ս կրնայ միջնորդ պետութիւնը զբաղիլ խնդրի կարգաւորումով եւ զուգահեռաբար զէնք ուղարկել Հայաստան: Ատրպէյճանցի օրէնսդիրը, սակայն, չէ պարզաբանած թէ ինչու Պաքուի մէջ այս մասին չէին մտահոգուիր, երբ ատրպէյճանական բանակը Ռուսաստանէն զէնք-զինամթերք կը գնէր:

Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութեան ինսթիթութի՝ SIPRI-ի տուեալներով, մասնաւորապէս, 2013-17 թուականներուն ատրպէյճանական բանակը իր նոր սպառազինութիւններու կէսէն աւելին՝ 65 տոկոսը ձեռք բերած էր Մինսքի խումբի համանախագահ Ռուսաստանէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment