Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մնացականեանն Ու Լաւրովը Քննարկած Են Տարածաշրջանային Զարգացումները

Մնացականեանն Ու Լաւրովը Քննարկած Են Տարածաշրջանային Զարգացումները

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները Օգոստոս 26-ին հեռախօսազրոյց ունեցած են, կը յայտնէ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը: Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկած են յուլիսեան մարտերէն յետոյ տարածաշրջանային զարգացումները եւ այս համաթեքսթով Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:

Նախարար Մնացականեան ընդգծած է տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման ուղղուած հայ-ռուսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները նաեւ միտքեր փոխանակած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող հարցերու շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment