Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Բնակելի Շէնքին Մէջ Պայթումի Պատճառով Մահացած Է Մէկ Մարդ Վիրաւորուած Երկու

Երեւանի Բնակելի Շէնքին Մէջ Պայթումի Պատճառով Մահացած Է Մէկ Մարդ Վիրաւորուած Երկու

by MassisPost

Երեւանի Ռայնիսի փողոցի թիւ 3 շէնքին մէջ, կազի արտահոսքէն տեղի ունեցած պայթումի պատճառով շէնքը մասնակի փլած է: Նախնական տուեալներու համաձայն փլատակներուն տակէն դուրս բերուած են մէկ մահացած եւ երկու վիրաւոր քաղաքացիներ որոնք տեղափոխուած են «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիր:

Դէպքի վայր գտնուած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը  եւ ԱԻ նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը։

yerevan-building-3

ՀՀ վարչապետը դէպքի առնչութեամբ նշած է, որ փլուզումը տեղի ունեցած է Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ռայնիսի 1 հասցէին վրայ գտնուող 4 յարկանի շէնքին մէջ։ Նախնական վարակածով պայթումի պատճառ դարձած է բնական կազի արտահոսքը։ Մասնակի փլուզած է նոյն շքամուտքին մէջ գտնուող 12 բնակարան։

19 բնակիչ ինքնուրոյն կամ փրկարարներու օգնութեամբ դուրս եկած է շէնքի փլուզուած հատուածէն։ Նախնական տուեալներով` փլատակներուն տակ մնացած էր 3 քաղաքացի։ Երկուքին փրկարարները դուրս բերած են։ Մէկին՝ դուրս բերին վայրկեաններ առաջ։

Լլրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին  ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար՝ Ֆելիքս Ցոլակեանը ըսած է։ «Փլատակների տակից դուրս բերուած 3-րդ քաղաքացին մահացած էր։ Նա 56-ամեայ Ղազարեան Արթուրն էր, ցաւակցում եմ նրա հարազատներին։ Փլատակների տակից դուրս բերելուց յետոյ փրկարարները նրա դին տեղափոխեցին շտապօգնութեան մեքենայ։ Մենք ունէինք այդ քաղաքացու հեռախօսահամարը, եւ փրկարարները զանգում էին նրան, հեռախօսի ձայնը լսեցինք, սակայն տղամարդը գտնուում էր հեռախօսից բաւական հեռու»,- նշեց Ցոլակեան։

yerevan-building-2

Նախարարի խօսքով՝ նախնական տուեալներով փլատակներու տակ այլեւս մարդ չկայ։

Դէպքի պատճառներու վերաբերեալ Արտակարգ Իրավիճակներու  նախարարը յայտնեց, որ դեռեւս ոչինչ չեն կրնար ըսել, ան ընդգծեց, որ շէնքի 5-րդ մուտքին կը գտնուին 12 բնակարաններ, որոնք վնասուած են։

«Մի քանի ժամում որոշում կը կայացուի, թէ ովքեր կը կարողանան վերադառնալ իրենց բնակարաններ: Իսկ ովքեր էլ չեն կարողանայ, նրանց կացութեան հարցն անմիջապէս կը լուծուի։ Նախնական տուեալներով պայթիւնը եղել է 2-րդ յարկի բնակարաններից մէկում»,- ըսաւ Ցոլակեան եւ աւելցուց, որ քննութիւն տեղի կ’ունենայ դէպքի պատճառները պարզելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment