Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրէական Գործ, Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի Դէմ

Քրէական Գործ, Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի Դէմ

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) Երեւանի նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի առնչութեամբ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման դէպք բացայայտած է, յարուցուած է քրէական գործ։

Ըստ ԱԱԾ-ին՝ 2009 թուականին, պաշտօնատար անձեր նախնական համաձայնութեան գալով, այդ ժամանակ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը գրաւող Գագիկ Բեգլարեանի հետ, չարաշահելով պաշտօնէական դիրքը, նուիրատուութեան կարգով Երեւանի Կեդրոնը գտնուող համայնքապատկան անշարժ գոյքեր տրամադրած են երեք անձի եւ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ այդ գոյքը չնչին գումարներով օտարած են Բեգլարեանի մերձաւոր ազգականներուն կամ անոր հետ փոխկապակցուած անձերուն: Հետեւաբար էական վնաս հասած է համայնքի օրինական շահերուն, առաջացնելով ծանր հետեւանքներ, այն է՝ 235 միլիոն դրամի վնաս։

Իրաւապահներու փոխանցումով՝ Երեւանի քաղաքապետարանին պատկանող տարածքները նուիրաբերուած են Բեգլարեանի քաղաքապետ նշանակուելէ ընդամէնը երկու ամիս ետք։ Ընդհանուր առմամբ՝ շուրջ 400 քառակուսի մեթր տարածքները կը գտնուին Մաշտոց պողոտայի, Չարենցի եւ Վարդանանց փողոցներուն վրայ։

ԱԱԾ-ն պիտի ստուգէ նաեւ պաշտօնատար անձերու կողմէ նոյն ծրագիրով  համայնքապատկան այլ գոյքերու ապօրինի տիրանալու վարկածը։

Առանձնապէս խոշոր չափերով՝ աւելի քան 230 միլիոն դրամ արժողութեամբ համայնքապատկան գոյք, մասնաւորապէս՝ մանկապարտէզի շէնք յափշտակելու առթիւ յարուցուած մէկ այլ քրէական գործով, Հանրապետական կուսակցութեան նախկին անդամ՝ Գագիկ Բեգլարեան մեղադրեալի կարգավիճակ ունի այս տարուայ մարտէն ի վեր։

Ըստ ԱԱԾ-ին՝ դատարանը որոշած է կալանաւորել Բեգլարեանը, սակայն ան լքած է երկիրը եւ այժմ կը հետախուզուի։ Նոր քրէական գործի մասին հաղորդագրութենէն Բեգլարեան անակնկալի  եկած է, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ իր պաշտպան Հրանդ Անանեանը: Վերջինիս խօսքով՝ իրենք այս գործի մասին չէին գիտեր։

Անանեան յայտնեց, որ Բեգլարեան դեռ արտասահման  է ու բուժում կը ստանայ, իսկ թէ ե՞րբ կը վերադառնայ նախկին քաղաքապետը, փաստաբանը չի կրնար ըսել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment