Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 248 Հոգի Կը Գտնուի Ծանր, 64-ը՝ Ծայրայեղ Ծանր Վիճակի Մէջ

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 248 Հոգի Կը Գտնուի Ծանր, 64-ը՝ Ծայրայեղ Ծանր Վիճակի Մէջ

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրով վարակուած 248 հոգի այս պահուն կը գտնուի ծանր, 64-ն ալ` ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, թոքերու օդափոխման արհեստական սարքին միացուած է  19 մարդ, «Ազատութեան» փոխանցեցին Առողջապահութեան նախարարութենէն։

Նախօրէին 284 հետազօտութենէն «Քորոնա» ժահր հաստատուած է 38-ի, այսինքն աւելի քան 13 տոկոսին մօտ, առողջացած է 71 քաղաքացի։

«Կիրակի օրերի ընթացքում տարրալուծարաններում տեղի են ունենում նախապահպանական աշխատանքներ, եւ այդ առումով օրուայ կատարուած հետազօտութիւնների թիւը շաբաթուայ կտրուածքով աւելի քիչ է», – ըսաւ առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան:

Դեռ մէկ ամիս առաջ, առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան յայտարարած էր, որ պիտի աւելցնեն տարրալուծարաններու թիւը, որուն շնորհիւ պիտի կատարուի մինչեւ 4000 հետազօտութիւն։ Նախարարի մամլոյ խօսնակը ըսաւ, որ թէեւ այժմ աւելի քիչ մարդ կը դիմէ հետազօտուելու, սակայն տարրալուծարաններու յագեցումի ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին։

Այս պահուն հիւանդանոցներէն ներս  բուժում կը ստանայ 1506 քաղաքացի, 4472-ն ալ տան մէջ։ Հայաստանի մէջ Մարտ 1-էն մինչեւ օրս ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է 41701 հոգի, որոնցմէ 34655-ը առողջացած է, 824-ը՝ մահացած, «Քորոնա» ժահրով վարակուած, սակայն այլ պատճառով մահացածներուն թիւը 244 է։ Նախօրէին մահացած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ ունեցող 6 անձ, նաեւ մէկը վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով, սակայն այլ պատճառով մահացած է ։

Երկու օր առաջ առաջին անգամ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 30-ամեայ երիտասարդի մահուան դէպք, որ չունէր ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակը յայտնեց, որ երիտասարդին վիճակը եղած է ծայրայեղ ծանր. «Շատ մանրամասներ այս պահին չեմ կարող յայտնել, միայն կարող եմ ասել, որ բաւականին երկար ժամանակ նա գտնուել է վերակենդանացման բաժանմունքում: Բժիշկները արել են հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի փրկեն նրա կեանքը, ցաւօք, հնարաւոր չի եղել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment