Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Փաստաբան. «Սասնայ Ծռերը» Պէտք Է Արդարացուին, Անոնք Կ’ենթարկուին Քաղաքական Հետապնդումի

Փաստաբան. «Սասնայ Ծռերը» Պէտք Է Արդարացուին, Անոնք Կ’ենթարկուին Քաղաքական Հետապնդումի

by MassisPost

2016-ին ոստիկանութեան ՊՊԾ (Պետական Պահպանութեան Ծառայութեան) գունդը գրաւելու համար մեղադրուող «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի քանի մը անդամներու փաստաբան՝ Մուշեղ Շուշանեան կը պնդէ, որ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան դէմ դուրս եկած «Սասնայ ծռերը» ապստամբած են եւ պէտք է արդարացուին։ Մինչդեռ զինուած խումբի գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած ոստիկաններու հարազատներէն ոմանք նոյնիսկ աւելի խիստ պատժաչափերու կողմնակից են։

Փաստաբան Շուշանեան սակայն, ըսած թէ «Սասնայ ծռերը» կ’ենթարկուին քաղաքական հետապնդման։

«Մենք հիմնաւորել ենք, որ այդ դիմադրութեան կամ ապստամբութեան իրաւունքը բնական, անօտարելի, անքակտելի իրաւունք է, հարցը պէտք է դիտարկուի այդ իրաւունքի իրացման շրջանակում, այդ հիմքով բոլորի նկատմամբ քրէական հետապնդումը պէտք է դադարեցուի, բացառութեամբ՝ քննութեան առարկայ պէտք է դառնան զոհուածների մահուան հանգամանքները եւ մեղաւորների շրջանակը պարզելու հարցերը», – ըսաւ փաստաբանը:

Մեղադրական ճառը ընթերցելով՝ դատախազները դատաւոր Մեսրոպ Մակեանին առաջարկեցին, ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդը 4 տարի առաջ երկու շաբաթով գրաւած զինուած խումբի անդամներուն դատապարտել 8 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկման։

Դատախազ Պետրոս Պետրոսեան յայտարարեց թէ, իրենք առաջարկած են սահմանել նուազագոյն պատժաչափ` հաշուի առնելով 2018-ին ընդունուած համաներման օրէնքը։

Դատախազը նաեւ հիմնաւոր համարած էր ամբաստանեալներուն վերագրուող մեղադրանքը. – «Քրէական գործի ողջ ընթացքում առաջադրուած մեղադրանքներում ամբաստանեալներն իրենց մեղաւոր չճանաչեցին, սակայն տուած ցուցմունքներով եւ կատարած յայտարարութիւններով, ըստ էութեան, ընդունեցին մեղսագրուող արարքները, բացառութեամբ Գագիկ Մկրտչեանի եւ Եուրի Տեփանոսեանի սպանութիւնների մասով իրենց կողմից կատարած լինելը` դրանք քողարկելով օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւունքի նորմերի կամայական ու խեղաթիւրուած մեկնաբանութիւններով տրուած «զինուած ապստամբութիւն» եզրոյթի տակ»:

Ոստիկաններ՝ Արթուր Վանոյեանի եւ Եուրի Տեփանոսեանի սպանութեան համար մեղադրուող Սմբատ Բարսեղեանի փաստաբան Մուշեղ Շուշանեան, սակայն, կը կարծէ, որ անցած երեք տարիներու ընթացքին դատարանը չէ քննած ոստիկաններու մահուան իրական հանգամանքները։ Փաստաբանի պնդումով՝ զոհուած երեք ոստիկաններէն երկուքին՝ Գագիկ Մկրտչեանի ու Եուրի Տեփանոսեանի մահուան հետ «Սասնայ ծռերը» կապ չունին, անոնց սպանած են այլ անձեր, որոնց դատարանը չէ անդրադարձած։ Ըստ փաստաբանին՝ կան մարդիկ, որոնք կրնան վկայել, թէ Տեփանոսեանը սպանած է ոստիկանութեան ղեկավարութիւնը։ Եւ այս երկու ոստիկաններուն մահը կազմակերպուած է հանրութեան աչքին «Սասնայ ծռեր»ը հրեշացնելու նպատակով։

«Դժուար էր գնալ ուժային լուծման, եւ ուժային լուծման գնալը եւ դա արդարացնելու համար անհրաժեշտ էին զոհեր, որպէսզի զոհերի պատասխանատուութիւնը, մեղքը բարդեն «Սասնայ ծռերի» վրայ եւ գնան ուժային լուծման», – ըսաւ փաստաբանը:

Ոստիկան Գագիկ Մկրտչեանի սպանութեան համար մեղադրուած է Արմէն Պիլեան, որուն համար դատախազը պահանջած է 21 տարուայ ազատազրկում։ Ըստ Մուշեղ Շուշանեանին՝ Գագիկ Մկրտչեան ՊՊԾ գունդին մէջ վիրաւորուած է թեւէն եւ իր ոտքով տեղափոխուած հիւանդանոց։ Ոստիկանը մահացած էր հիւանդանոցը, Օգոստոս 13-ին՝ ՊՊԾ գունդի գրաւումէն երեք շաբաթ ետք։

Մինչդեռ դատախազ՝ Պետրոս Պետրոսեան մեղադրական ճառին մէջ շեշտեց, թէ Մկրտչեան գիտակցութեան եկած է եւ կնոջը պատմած, որ իր վրայ կրակած են ծռերը։ Թէեւ Մուշեղ Շուշանեան այս սուտ կը համարէ, բայց Գագիկ Մկրտչեանի կինը՝ Յասմիկ Ոսկանեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին հաստատեց, թէ հիւանդանոցը խօսած է ամուսնոյն հետ։  Ան կը պնդէ թէ ոչ միայն Արմէն Պիլեանն ու Սմբատ Բարսեղեանը պէտք է երկար ժամանակով դատապարտուին, այլեւ միւս անդամները։

Նկատենք, որ զոհուած ոստիկան Եուրի Տեփանոսեանի հայրը եւս կը կարծէ, թէ որդին սպանած են ոստիկանները։ Մինչդեռ Տեփանոսեանի կինը հակառակ կարծիքի է։ Ինչ կը վերաբերի երրորդ ոստիկանին՝ գնդապետ Արթուր Վանոյեանի մահուան հանգամանքներուն, ապա փաստաբան Շուշանեան կը պնդէ, որ իր պաշտպանեալ Սմբատ Բարսեղեանը նախաքննութեան ժամանակ խոստովանած է, որ ինք սպանած է Վանոյեանը, որպէսզի իր ընկերները ազատէ այդ մեղադրանքէն։ Ըստ փաստաբանին, Վանոյեանի եւ «Սասնայ ծռերի» անդամներու միջեւ փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է, որմէ ետք ոստիկանութեան գնդապետը մահացած է։

Յաջորդ նիստին իրենց դիրքորոշումները կը ներկայացնեն տուժողները, որմէ ետք ելոյթ կ’ունենայ մեղադրանքի կողմը, յետոյ արդէն դատարանը կ’անցնի խորհրդակցական սենեակ՝ վճիռ կայացնելու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment