Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Ընդունեց «Քորոնա» Ժահրի Տնտեսական Հետեւանքներու Չեզոքացման Երկու Նոր Ծրագիր

Կառավարութիւնը Ընդունեց «Քորոնա» Ժահրի Տնտեսական Հետեւանքներու Չեզոքացման Երկու Նոր Ծրագիր

by MassisPost

Կառավարութիւնը այսօր՝ Օգոստոս 13-ին ընդունեց «Քորոնա» ժահրի տնտեսական հետեւանքներու չեզոքացման երկու նոր ծրագիր: Այս անգամ անոնք ուղղուած են զբօսաշրջութեան ու գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն:

Ըստ Տնտեսական նախարար՝ Տիգրան Խաչատրեանին, զբօսաշրջութեան ոլորտի տնտեսվարողներուն եկամուտները, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակամիջոցին համեմատ, աւելի քան երկու անգամ պակաս են: Ընդ որում, դիտակէտին մէջ ոչ միայն հիւրանոցներն ու շրջագայութեան աշխատակիցներն են, այլեւ հանրային սնունդի ոլորտը:

Նախարարը շարունակեց. – «Այս աջակցութեան նպատակը նշուած ոլորտում գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւնների աշխատակազմի եւ աշխատատեղերի պահպանումն է եւ այդ աշխատատեղերի աւելացման խթանումը: Աջակցութեան շահառուների շրջանակը հետեւեալն է. կացութեան կազմակերպում (ներառում է նաեւ առողջարանները), հանրային սննդի կազմակերպում, զբօսաշրջային գործակալութիւններ եւ աշխատակիցներ եւ զբօսաշրջային այլ ծառայութիւններ: Աջակցութեան եղանակը իւրաքանչիւր երրորդ կամ չորրորդ աշխատակցի աշխատավարձի  ապահովումն  է այս միջոցառման շրջանակներում»:

Վարչապետն ու կառավարութեան անդամները այսօրուայ նիստին երկար քննարկեցին, թէ ինչպէս վարուիլ այն տնտեսվարողներուն հետ, որոնք կը խախտեն հակահամաճարակային կանոնները կամ կը խուսափին ՀԴՄ (Հսկիչ-դրամարկղային մեքենաներու) կտրոն տրամադրելէ:

Նիկոլ Փաշինեան պատմեց դրուագներ իր եւ գործարար շրջանակներու մարդոց հետ հանդիպումներէն, ապա շարունակեց.- « Որովհետեւ ի՞նչ ա նշանակում ՀԴՄ չխփել… Էն ժամանակ ասում էին` կառավարութիւնը քորումփացուած ա, բոլորը տանում են, մենք էլ ենք տանում: Հիմա էլ  սխալ կ’անի մէկը, որ կ’ասի կառավարութիւնը քորումփացուած ա»:

Կառավարութեան նիստի քննարկումներէն յետոյ, ի վերջոյ որոշեցին, որ աջակցութենէն կրնան զրկուիլ այն տնտեսվարողները, որոնք չեն տրամադրեր ՀԴՄ:

«Քորոնա» ժահրի տնտեսական հետեւանքներու չեզոքացման յաջորդ ծրագիրը ուղղուած է գինի եւ քոնեակ արտադրողներուն: Անոնց կը տրամադրուին արտօնեալ վարկեր, ինչպէս նաեւ նոր արտօնութիւններ կ’ունենան արտադրութեան մէջ օգտագործուող պահեստամաններու եւ այլ սարքաւորումներու վարձակալութեան գործընթացին մէջ:

Այս ծրագիրները ի վերջոյ ուղղուած են խաղողագործներուն, ըսաւ Փաշինեան. – «Աջակցման միջոցառման վերջնական շահառուն մեր խաղողագործներն են, գիւղացիներն են: Այսպիսով աջակցելով ընկերութիւններին` մենք պայմաններ ենք ապահովում եւ նաեւ պայմանաւորուածութիւններ ենք ձեռք բերել, որպէսզի այս տարի լիարժէք խաղողի մթերում տեղի ունենայ: Ի հարկէ, տարին ճգնաժամային է այս առումով, եւ մենք բոլորս պէտք է արձանագրենք, որ գուցէ թէ գործընթացները էնպէս չեն գնում, ինչպէս կը լինէր մեր լաւագոյն ցանկութիւններով: Եւ մենք բոլորս, յոյս ունեմ, այս իրավիճակին ըմբռնումով կը մօտենանք»:

Տնտեսապէս ճգնաժամային 2020 թուականը առատ պիտի ըլլայ խաղողի առումով. անցեալ տարուընէ շատ աւելի մեծ բերք կը սպասուի: Կ’իրացուի՞ արդեօք բերքի մեծ մասը եւ ի՞նչ գինով կ’իրացուի: Ասոնք այս պահու ամենամեծ հարցերն են:

Գինեգործներու միութեան նախագահ՝ Աւագ Յարութիւնեանի խօսքով, «Քորոնա» ժահրի առաջ բերած տնտեսական ճգնաժամը շատ բարդ իրավիճակի մէջ դրած է գիւղացիները: Ըստ Յարութիւնեանին, կառավարութեան աջակցութեան ծրագիրները թոյլ կու տան քոնեակ եւ գինի արտադրողներուն շատ մեծ կորուստներ չունենալ այս տարի վաճառքի ծաւալներու նուազումի պատճառով:

Աւելի խոցելին գիւղացիներն են, որոնք առանց եկամուտի պիտի մնան եւ սպասելի միջոցներ պարզապէս չունին. – «Էստեղ գիւղացիների խնդիրն է շատ աւելի կարեւոր: Իրենք շատ աւելի թոյլ են, իրենք չունեն այդ պահուստը` ֆինանսական առումով, տեխնոլոկիական առումով` սարքաւորումներ չունեն, պահեստանոցներ չունեն… այլընտրանք չունեն իրենք: Իրենք միշտ կանգնում են կոտրուած տաշտակի առջեւ: Դրա համար կառավարութիւնը պէտք է աւելի շատ էնտեղ ուղղի իր հայեացքը, քան դէպի արտադրողները: Որովհետեւ արտադրողները կարող են դուրս գալ այս իրավիճակից»:

Գինիի վաճառքը այս տարի, 2019-ի համեմատ, նուազած է 25-50 տոկոսով: Մինչ խանութներուն ու մառաններուն մէջ գինիի շշերը կը մնան անտեսուած, աւելցած է օղիի վաճառքը, նկատել տուած է գինեգործ Աւագ Յարութիւնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment