Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւը՝ Փութինին․ «Յուլիսեան Մարտերէն Յետոյ Ռուսաստանը Հայաստանին 400 Թոն Ռազմական Բեռ Մատակարարած Է »

Ալիեւը՝ Փութինին․ «Յուլիսեան Մարտերէն Յետոյ Ռուսաստանը Հայաստանին 400 Թոն Ռազմական Բեռ Մատակարարած Է »

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ երէկ՝ Օգոստոս 12-ի երեկոյեան կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին իր դժգոհութիւնը արտայայտած է վերջին շաբաթներուն, Ռուսաստանի կողմէ Հայասատան ռազմական նշանակութեան բեռներու նոր խմբաքանակի առաքման առթիւ։

Այս մասին կը հաղորդէ Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը՝ նշելով, որ հեռախօսազրոյցը կայացած է Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանին սպառազինութեան մատակարարումներու հարցը քննարկելու նպատակով։

Այսօր առաւօտեան տարածուած պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ պնդած է, թէ Յուլիս 17-էն սկսեալ «Մոսկուան Հայաստանին շուրջ 400 թոն ռազմական նշանակութեան բեռ մատակարարած է »։

«Մատակարարումները կատարուած են Ղազախիստանի, Թուրքմենիստանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տարածքներով», – յայտարարած է Ալիեւը՝ աւելցնելով, որ ռազմական նշանակութեան բեռներու մատակարարումները Հայաստան «ատրպէյճանական հանրութեան մօտ լուրջ մտահոգութիւն եւ հարցեր կ’առաջացնեն»։

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը եւս հաղորդագրութիւն տարածած է Փութինի եւ Ալիեւի հեռախօսազրոյցի մասին, ուր սակայն, սպառազինութեան մատակարարումներու շուրջ քննարկումները յիշատակուած չեն։

«Յուլիսին հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած լարման համաթեքսթով նախագահները քննարկած են տարածաշրջանային խնդիրները։ Ռուսական կողմը ընդգծած է իրադրութեան սրմանը նպաստող որեւէ գործողութեան անթոյլատրելիութիւնը», – նշուած է Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment