Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լեւոն Սարգսեան՝ «Ալրաղացի Լիովիկը» Ռուսաստանէն Արտայանձնուած Է Հայաստան, Ան Ձերբակալուած Է

Լեւոն Սարգսեան՝ «Ալրաղացի Լիովիկը» Ռուսաստանէն Արտայանձնուած Է Հայաստան, Ան Ձերբակալուած Է

by MassisPost

«Ալրաղացի Լիովիկ» անունով յայտնի, Հանրապետականի նախկին պատգամաւոր՝ Լեւոն Սարգսեան, որ կը հետախուզուէր 2018-ի հոկտեմբերէն ի վեր, երէկ՝ Օգոստոս 6-ի ուշ երեկոյեան Ռուսաստանէն արտայանձնուած է Հայաստան։

Սարգսեան այժմ ձերբակալուած է, «Ազատութեան» հետ զրոյցին, ըսաւ գլխաւոր դատախազի խորհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան։ «Երէկ երեկոյեան նա տեղափոխուած է Հայաստան, այդ գործընթացն իրականացուել է Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան, Ռուսաստանի Դաշնութեան դատախազութեան համագործակցութեան արդիւնքում: Մեծ օժանդակութիւն է ցուցաբերուել մեր Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմից, պայմանաւորուած սահմանների փակ լինելու հետ եւ քարանթինային վիճակի հետ նաեւ պարէտատան օժանդակութիւնն է անհրաժեշտ եղել, եւ մեր ոստիկանութեան աշխատակիցները կարողացան գնալ եւ տեղափոխել նրան Հայաստան», – նշեց Աբրահամեան:

Լեւոն Սարգսեան 2018-ի յեղափոխութենէն յետոյ Հայաստանի իրաւապահներու կողմէն որոնուող ու Ռուսաստան թաքնուող առաջին նախկին պաշտօնեան է, զոր այդ երկրի իշխանութիւնները արտայանձնեցին։

Լեւոն Սարգսեան մեղադրուած է 12 տարի առաջ կազմակերպուած խումբի մը կազմով առանձնապէս խոշոր չափերով գոյք յափշտակելու նպատակով, ավազակային յարձակում կատարելու եւ յանցաւոր համագործակցութեան մասնակցելու համար: Խօսքը՝ 2008-ին Մաքսային պետական կոմիտէի նախկին պետ՝ Արմէն Աւետիսեանի առանձնատան վրայ ավազակային յարձակման մասին է: Յեղափոխութենէն յետոյ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ յարձակման իրական պատուիրատուն Լեւոն Սարգսեանն է:

Ռուսաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը Հայաստանի դատախազութեան ուղարկած միջնորդութիւնը՝ Լեւոն Սարգսեանը Հայաստանի իրաւապահներուն յանձնելու մասին բաւարարած էր Մարտին:

Նախկին իշխող Հանրապետականի պատգամաւորը անցեալ տարի նոյեմբերին յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած էր Ռուսաստանի՝ Մոսկուայի մարզի Զելենոկրատ քաղաքը, ապա՝ կալանաւորուած։

«Այս պահի դրութեամբ նախապատրաստուում են համապատասխան դատավարական անհրաժեշտ գործողութիւններն իրականացնելու, մասնաւորապէս, կապուած նրան մեղադրանքի առաջադրման հետ եւ նաեւ դրանից յետոյ արդէն կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց վերահաստատելու», – նշեց Գոռ Աբրահամեան:

Ըստ ընթացակարգին, Լեւոն Սարգսեան Ռուսաստանի մէջ կրնար բողոքարկել այդ երկրի որոշումը՝ զինք Հայաստան արտայանձնելու մասին։ Գոռ Աբրահամեան չի բացառեր, որ բողոքարկում եղած է, բայց, ըստ ամենայնի, Ռուսաստանի դատարանը մերժած է այդ։

Լեւոն Սարգսեանին փաստաբանը՝ Աշոտ Սարգսեան հրաժարեցաւ պատասխանելէ «Ազատութեան» հարցերուն, մասնաւորապէս՝ արդեօք Սարգսեան ընդունա՞ծ է մեղադրանքը, թէ՞ ոչ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment