Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ես Չեմ Մասնակցած Թուրքիոյ Կողմէ Կազմակերպուած Ծրագրին». Լիլիթ Մկրտչեան

«Ես Չեմ Մասնակցած Թուրքիոյ Կողմէ Կազմակերպուած Ծրագրին». Լիլիթ Մկրտչեան

by MassisPost

«Հայոց պատմութիւն», «Համաշխարհային պատմութիւն» եւ «Հասարակագիտութիւն» առարկաներու չափորոշիչները կազմող աշխատանքային խումբի ղեկավար, պ.գ.թ.(պատմական գիտութիւններու թեկնածու), դոցենտ, դասախօս, ուսուցիչ, դասաւանդման 18 տարուայ աշխատանքային փորձ ունեցող՝ Լիլիթ Մկրտչեան առցանց ասուլիսին շեշտեց, որ ինքը չէ մասնակցած Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած ծրագրին: Մկրտչեան մասնակցած է ծրագրի մը, որուն նաեւ թուրք մասնագէտներ ներգրաւուած եղած են:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով՝ այս մասին Մկրտչեան ըսաւ Օգոստոս 4-ին կայացած առցանց ասուլիսին՝ անդրադառնալով շարք մը պատմաբաններու իրեն ուղղուած քննադատութեան:

Ըստ մասնագէտներուն՝ Լիլիթ Մկրտչեան կը համագործակցի թուրք պատմաբաններու հետ: Աւելի վաղ, ՀՀ ԳԱԱ (Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա) պատմութեան ինսթիթութի տնօրէն՝ Աշոտ Մելքոնեան նշած էր, որ Մկրտչեան իր անուն-ազգանունը, ստորագրութիւնը թողած է «Պատմութեան ուսուցումը Թուրքիայի, Հայաստանի դպրոցներում. քննադատութիւն, այլընտրանքներ» աշխատութեան տակ, ուր Հայկական լեռնաշխարհը Արեւելեան Անատոլիա կամ Կովկաս ներկայացուած է:

Ան մտահոգութիւն յայտնած էր, որ Լիլիթ Մկրտչեան, որ այդ աշխատութեան հեղինակներէն մէկն է, այժմ չորս դպրոցական առարկաներու փորձագիտական կազմին ղեկավարն է:

«Եթէ ժամանակին գործընկերներս արձագանգէին եւ նոյն ջանասիրութեամբ բացթողումները մատնանշէին, գուցէ մենք այսօր աւելի օգտակար աշխատութիւն ունենայինք, եւ ես դրա համար շնորհակալ կը լինէի նրանց»,- առցանց ասուլիսին նշեց Մկրտչեան:

Հարակից Նյութեր

1 comment

Grig 08/05/2020 - 8:36 AM

Ինչպե՞ս գործընկերները մասնակցեին, եթե ինքն այդ ամոթալի ծրագրին իր մասնակցությունը գաղտնի էր պահում։

Reply

Leave a Comment