Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Եւրապական Խորհրդարանը Կոչ Ըրած Է Պատժամիջոցներ Կիրառել Ատրպէյճանի Որոշ Պաշտօնեաներու Նկատմամբ

Եւրապական Խորհրդարանը Կոչ Ըրած Է Պատժամիջոցներ Կիրառել Ատրպէյճանի Որոշ Պաշտօնեաներու Նկատմամբ

by MassisPost

Եւրոպական խորհրդարանի մէջ մեծութեամբ երկրորդ խմբակցութիւնը՝ «Սոցիալիստներու եւ դեմոկրատներու առաջադէմ ալեանսը» (S&D) կոչ ըրած է Եւրոպական միութեան, պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանցի որոշ պաշտօնեաներու նկատմամբ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Ազգային Ժողովի եւրոպական միաձուլման հարցերու մշտական յանձնաժողովէն։

«Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած իրավիճակի լրջութիւնը՝ կոչ կ’ընենք Եւրոպական միութեան, թիրախաւորուած պատժամիջոցներ կիրառել Ատրպէյճանցի այն պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են Ատրպէյճանի մէջ ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան դէմ բռնաճնշումներուն համար»,- ըսուած է խմբակցութեան յայտարարութեան մէջ:

Խմբակցութենէն նաեւ նշած են, որ անթոյլատրելի է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը օգտագործէ COVID-19 համաճարակը եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ռազմական լարուածութեան աճը, որպէս պատրուակ, երկրին մէջ քաղաքական ընդդիմութեան մնացորդներու ոչնչացման համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment