Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Մէջ Ատրպէյճանցիները Հայ Երիտասարդի Մը Ծեծի Ենթարկած Են

Պոլսոյ Մէջ Ատրպէյճանցիները Հայ Երիտասարդի Մը Ծեծի Ենթարկած Են

by MassisPost

Մինչ հայ–ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակը քիչ թէ շատ կայունացած է, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող ատրպէյճանցիները աննախադէպ արշաւ սկսած են հայկական սփիւռքին դէմ։ Ատրպէյճանական յարձակումներէն անմասն չեն մնացած նաեւ Թուրքիա ապրող եւ աշխատող հայերը։

«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցումով, օրեր առաջ  Պոլսոյ Կումկափու թաղամասին մէջ խումբ մը ատրպէյճանցիներու կողմէն հայ երիտասարդ մը ծեծի ենթարկուած է։ Երիտասարդին մայրը թերթին տեղեկացուցած է, որ ատրպէյճանցիները սկիզբը հարց տուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին ու թէեւ ստացած են «նման հարցերով չենք հետաքրքրուիր» պատասխանը, անցած են գրոհի։

Խմբակային ծեծի տեսանիւթը ընկերային համացանցերուն մէջ տարածած են իրենք՝ ատրպէյճանցիները։

Յայտնի դարձած է, որ նոյն թաղամասին մէջ վերջին օրերուն նմանատիպ յարձակումներու թիրախը յայտնուած են նաեւ 50-ը անց 2 այլ հայեր։ Իսկ հայ կնոջ մը պատկանող խանութին մէջ ատրպէյճանցիները ծեծած են աշխատակիցները։

Աւելցնենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտնած է, որ ստեղծուած իրավիճակին լուծում տալու նպատակով հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ նահանգապետ Ալի  Երլիքաեայի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment