Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շուրջ 800,000 Տոլար. «Հայաստան» Հիմնադրամը Կ’ամփոփէ Առցանց Դրամահաւաք-Արշաւի Արդիւնքները

Շուրջ 800,000 Տոլար. «Հայաստան» Հիմնադրամը Կ’ամփոփէ Առցանց Դրամահաւաք-Արշաւի Արդիւնքները

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, միանալով COVID-19 համաճարակի դէմ մղուող պայքարին, Մարտ 18-ին նախաձեռնեց  «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» առցանց դրամահաւաք-արշաւը, որու ծիրէն ներս հաւաքագրուած ամբողջ գումարը ուղղուած էր առողջապահութեան ոլորտին անհրաժեշտ բարձրորակ բժշկական պարագաներու ու սարքերու ձեռքբերման եւ տրամադրման, ինչպէս նաեւ հրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող այլ կարիքներուն։ Ծրագիրը կը կատարուի ՀՀ նախագահի, ԱՀ նախագահի, սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ։

Յուլիս 22-ի դրութեամբ՝  հաւաքագրուած է շուրջ 800,030 ԱՄՆ տոլար, որմէ  695,244 ԱՄՆ տոլարը արդէն ուղղուած է մեծածաւալ բժշկական պարագաներու ու սարքաւորումներու ձեռք բերման, շտապ օգնութեան անձնակազմին ֆինանսական աջակցութեան, Երեւանի եւ մարզերու կարիքաւոր ծերերուն ամենամսեայ սնունդի մատակարարման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայրենակիցներու Հայաստան վերադարձին։

Ի լրում առողջապահական ոլորտին տրամադրուած աջակցութեան, Հիմնադրամի տեղական մարմիններու շնորհիւ մեծաքանակ  բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ արդէն նուիրաբերուած են Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական ոլորտին։

Մնացեալ գումարը եւս կ’ուղղուի առողջապահական ոլորտի ծրագրերու օժանդակման:

Հիմնադրամը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ աշխարհի 18 երկիրներէ միացած աւելի քան 1000 անհատ նուիրատուներուն, աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներուն, կազմակերպութիւններուն, Հիմնադրամի ողջ ցանցին եւ բոլոր գործընկերներուն վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment