Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԿԲՄ-ի Կողմէ Հիւանդանոցային Անկողիններ Ուղարկուած են Հայաստան

ՀԿԲՄ-ի Կողմէ Հիւանդանոցային Անկողիններ Ուղարկուած են Հայաստան

by MassisPost

Համագործակցութեամբ՝ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) եւ  Կլէնտէլի «Ատվենդիստ» Առողջապահութեան Կեդրոնին,  36 հիւանդանոցային անկողիններ հասած են Հայաստան:

Կլէնտէլի Ատվենդիստ Հիւանդանոցին կողմէ նուիրուած անկողինները, որոնց բեռնափոխադրման աշխատանքներն ու ծախսերը ստանձնած էր ՀԿԲՄ-ը, հասցեագրուած էին Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան,  որպէսզի բաշխուին Հայաստանի շրջանային հիւանդանոցներուն՝ առողջապահական ծառայութեան որակը բարելաւելու նպատակով, յատկապէս  այս օրերուն երբ անոնք կը պայքարին  «Քորոնա» ժահրի համաճարակի  դէմ:

“Մենք շնորհակալ ենք Կլէնտէլի «Ատվենդիստ» Առողջապահութեան Կեդրոնին այս նուիրատուութեան համար եւ երախտապարտ՝ Հայաստանի առողջապահական համակարգին իրենց ցուցաբերած երկարամեայ օժանդակութան եւ ծրագիրներուն համար։ Միեւնոյն ատեն, մենք ուրախ ենք, որ մեր նախաձեռնած ծրագիրը իրագործուեցաւ», ֊ըսաւ ՀԿԲՄ-ի վարչութեան անդամ՝ Թադիոս  Քէօրողլեան:

Այս առթիւ, յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել Տօքթ. Գրիգոր Գրիգորեանին իր կատարած նուիրատուութեան եւ Հայաստան-Արցախ Ֆոնտին՝ փոխադրութեան կազմակերպման օժանդակելու համար:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելել մեր կայքէջը՝ www.aebu.org

aebu-beds-1

aebu-beds-4

aebu-beds-3

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment