Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանը Դիպուկահարի Կրակէն Պայմանագրային Զինծառայող Զոհուած Է

Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանը Դիպուկահարի Կրակէն Պայմանագրային Զինծառայող Զոհուած Է

by MassisPost

Հայ-ատրպէյճանական սահմանը քանի մը օր տեւած յարաբերական անդորրէն յետոյ այս գիշեր ատրպէյճանական դիպուկահարէն սպանուած է պայմանագրային զինծառայող Աշոտ Գէորգի Միքայէլեանը։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ դէպքը գրանցուած է հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու մարտական դիրքին մէջ, որ ըստ էութեան, երկու շաբաթ առաջ ռազմական գործողութիւններու կիզակէտ հանդիսացող Տաւուշի ուղղութիւնն է։ Պաշտպանական գերատեսչութիւնը սահմանային ներկայ իրավիճակի վերաբերեալ յաւելեալ մեկնաբանութիւններ առայժմ չէ տուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment