Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հարիւրաւոր Ցուցարարներու Մասնակցութեամբ Բողոքի Ցոյց Լոս Անճելոսի Մէջ

Հարիւրաւոր Ցուցարարներու Մասնակցութեամբ Բողոքի Ցոյց Լոս Անճելոսի Մէջ

by MassisPost

Երկուշաբթի, Յուլիսի 20-ի առաւօտեան, Լոս Անճելոսի Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյցª կազմակերպութեամբ խումբ մը համայնքային գործիչներու:

Համավարակի պատճառաւ ծրագրուած էր հաւաքին տալ խորհրդանշական բնոյթ, սակայն ներկայութիւնը նախատեսուածէն աւելի մեծ էր եւ մօտ 500 հոգիներ, Հայկական դրօշներով համախմբուած էին հիւպատոսարանին առջեւª դատապարտելու  համար Ատրպէյճանա-թրքական յարձակումը Հայաստանի սահմանի խաղաղ բնակավայրերուն դէմ:

Ելոյթ ունեցողները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայոց բանակի մեր առի զինուորներուն, Հայաստանի մեր ժողովուրդին  ու ղեկավարութեան:

Ցոյցի ընթացքին կը տիրէր տօնական մթնոլորտ, կը հնչէին ազգային-հայերէնասիրական երգեր ու տեղի կ°ունենար շուրջպար:

Ի տարբերութիւն արտասահմանեան այլ քաղաքներուն, զգալի էր ատրպէյճանցիներու բացակայութիւնը կամ ցոյցը խանգարելու փորձերը:

123_1 (1)

123_1

123_1 (3)

123_1 (4)

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment