Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը

Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Անցնող հինգ օրերուն, Տաւուշի շրջանի ուղղութեամբ ատրպէյճանական զօրքերուն կողմէ շա­րու­նակուող սադրիչ գործողութիւնները եւ շրջանի խա­ղաղ բնակավայրերուն ռմբակոծումը կու գան ան­գամ մը եւս ապացուցելու, որ Ատրպէյճանի բռնապետական ռեժիմը չի դադրիր արցախեան հակա­մար­տութիւնը զէնքի ուժով լուծելու իր խիստ դատապարտելի մտադրութենէն եւ կը շարունակէ մնալ հարցին խաղաղ լուծման գլխաւոր խոչընդոտը: Դատա­պարտելի կը գտնենք նաեւ Թուրքիոյ բացայայտ կողմնակալ կեցուածքը ներ­­­կայ իրավիճակին առնչութեամբ, որ միայն կրնայ նպաստել տարա­ծա­շրջա­նին ա՛լ աւելի ապակայունացման:

Վերջին իրադարձութիւնները եկան վերահաստատելու այն փաստը, որ հայոց քաջարի ու մար­տու­նակ բանակը պատրաստ է ոչ միայն պաշտպանելու հայրենի սահմանները, այլեւ ի պահանջել հար­կին ճշգրիտ գործողութիւններով բարելաւել իր մարտական դիրքերը: Կը յուսանք, որ ռազմական գերակա­յու­թեան պատրանքներով լի հակառակորդը, որ տարիներ շարունակ ռազմատենչ կոչերով ու պատե­րազմի սպառնալիքով ասպարէզ կը կարդար Հայաստանի եւ Արցախի, վերջին զարգա­ցում­նե­րու լոյսին տակ ճիշդ հետեւութիւններ ընէ եւ վերադառնայ բանակցային սեղան:

Այս օրերուն, աւելի քան երբեք, կը կարեւորենք համախմբուածութեան եւ միասնականութեան ան­­հրաժեշտութիւնը՝ դիմադրելու համար ոչ միայն երեւցող, այլեւ աներեւոյթ թշնամիին, որ տակաւին կը շարունակէ մեծագոյն վտանգը ներկայացնել հայրենիքի բարօրութեան ու ապագային: Առ այդ, կրկին կոչ կ’ուղղենք մեր հայաստանաբնակ եւ արցախաբնակ հայրենակիցներուն՝ հետեւելու «Քորո­նա» հա­մաճարակին դէմ կանխարգելիչ կանոններուն, յանուն «Հզօր սահման, հզօր թիկունք» սկզբուն­քի:

Կեցցէ՛ հայոց բանակը:

Բի՜ւր յարգանք զոհուած մարտիկներու յիշատակին:

Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւն
Յուլիս 17, 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment