Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ներթափանցման Փորձ Կանխուած Է, Հայկական Կողմը Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Չունի

Ներթափանցման Փորձ Կանխուած Է, Հայկական Կողմը Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Չունի

by MassisPost

Ատրպէյճանի յատուկ նշանակութեան ջոկատները աւելի քան 100 հոգինոց կազմով հերթական ներթափանցման յարձակում գործած են Տաւուշի ուղղութեամբ, «Անվախ» կոչուող սահմանապահ դիրքը գրաւելու նպատակով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Յուլիս 16-ին կառավարութեան նիստը սկսաւ այս յայտարարութեամբ եւ շտապեց տեղեկացնել, որ յարձակման փորձը կասեցուած է, հայկական կողմը զոհեր եւ վիրաւորներ չունի, մինչդեռ նախնական տուեալներով Ատրպէյճանը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ, կորսնցուցած է նաեւ զրահամեքենայ։ Նկատենք, որ զոհերու մասին Ատրպէյճանը դեռ չէ հաստատած։

«Այնուհետեւ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները ժամը 05:20-ին սկսել են հրետակոծել Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերը՝ կիրառելով ականանետ։ Ասոր զուգահեռ գրոհներ են ձեռնարկուել «Անվախ» դիրքի հարեւան դիրքերի ուղղութեամբ, սակայն Հայաստանի զինուած ուժերը բոլոր գրոհները վստահօրէն յետ են մղուել եւ իրավիճակն առել լիակատար վերահսկողութեան տակ: Ուզում եմ ընդգծել, որ մեր կողմից զոհեր եւ վիրաւորներ չկան ո՛չ զինուորականների, ո՛չ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանում», – յայտարարեց վարչապետը:

Իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ կտրուկ սրուած է Յուլիս 12-ին, երբ ատրպէյճանական զինուժի զինծառայողները ՈւԱԶ-ով պետական սահմանը խախտելու փորձ կատարած են: Անցեալ երկու օրերուն մարտական գործողութիւններու հետեւանքով, որոնց ընթացքին կողմերը կիրառած են հրետանի, անօդաչու թռչող սարքեր եւ այլ զրահամեքենայ, պաշտօնական տուեալներով՝ Ատրպէյճանական կողմէն զոհուած է 11 զինուորական, անոնց կարգին՝ զօրավար, գնդապետ եւ այլ բարձրաստիճան սպաներ, եւ մէկ քաղաքացիական անձ, հայկական կողմէն՝ 4 զինուորական, որոնցմէ երկուքը՝ սպաներ: Կառավարութեան նիստին այսօր, մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին մեր զոհերու յիշատակը։

Հայաստանի Տաւուշի մարզի Մովսէս եւ Այգեպար գիւղերու ուղղութեամբ անցեալ գիշեր ատրպէյճանական զինուժի ձեռնարկած ներթափանցման յարձակման հետեւանքով հակառակորդի կորուստները կազմած են մինչեւ 20 հոգի, կէսօրէն ետք Իջեւանի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան։

Ինչպէս աւելի վաղ տեղեկացուցած էր պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար՝ Շուշան Ստեփանեան, գիշերուայ մարտական գործողութիւններու հետեւանքով հայկական կողմը զոհեր եւ վիրաւորներ չունի։

Ստեփանեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ աւելի ուշ գրեց. «Ատրպէյճանի զինուած ուժերի կողմից կրակի դադարեցման եւ համապատասխան բարենպաստ պայմանների ստեղծման պարագայում հայկական կողմը պատրաստ է թոյլատրել ատրպէյճանական զոհերի եւ վիրաւորների յայտնաբերումն ու տարհանումը մարտադաշտից»:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ փոխանցած է, որ գիշերուայ ընթացքին, ատրպէյճանական կողմը կորսնցուցած է ռազմական զրահամեքենայ, խոցուած է առնուազն մէկ հրասայլ, հակառակորդի հրետանային եւ ականանետային մարտկոցներու կրակային դիրքեր, որոնցմէ կը հրետակոծուէին մեր բնակավայրերն ու դիրքերը:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար՝ Վաքիֆ Տարկեահլին կէսօրէն յետոյ յայտարարեց, թէ Հայաստանի տարածքին մէջ ատրպէյճանական զինուժը զոհեր եւ վիրաւորներ չէ թողած։ Ուշագրաւ է, որ գնդապետ՝ Տարկեահլին ուղղակի չէ հերքած տեղեկութիւնը, ըստ որու անցեալ գիշեր Ատրպէյճանի զինուժը կորուստներ կրած է, այլ միայն ըսած է, որ Հայաստանի տարածքին վրայ ատրպէյճանական կողմը զոհեր եւ վիրաւորներ չէ թողած։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հերքած է, թէ գիշերուայ ընթացքին ներթափանցման յարձակում ձեռնարկած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ եւ թիրախաւորած են Հայաստանի բնակավայրերը` փոխարէնը մեղադրած են հայկական զինուած ուժերուն, Թովուզի շրջանի քանի մը գիւղեր գիշերուայ ընթացքին ռմբահարելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment