Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը կը Դատապարտէ Բռնութիւնը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Վրայ, Կոչ Կ’ընէ Պահպանելու Հրադադարը

ԱՄՆ-ը կը Դատապարտէ Բռնութիւնը Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Վրայ, Կոչ Կ’ընէ Պահպանելու Հրադադարը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները  կը դատապարտէ բռնութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանին վրայ, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան խօսնակ՝ Մորկան Օրթակուսը:

«Մենք կողմերը կը յորդորենք անմիջապէս դադրեցնելու ուժի կիրառումը, օգտագործելու իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող հաղորդակցութեան ուղիղ խողովակները` խուսափելու համար յետագայ սրումէն, եւ խստօրէն պահպանելու հրադադարը», – ըսուած է Օրթակուսի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ:

Որպէս ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահ՝ Միացեալ Նահանգները յանձնառու կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարատեւ եւ խաղաղ կարգաւորման հասնելու գործին մէջ կողմերուն օգնելուն: «Մենք պիտի շարունակենք աշխուժօրէն ներգրաւուած մնալ այդ նպատակին հասնելու ջանքերուն», – շեշտած է Օրթակուսը:

Միացեալ Նահանգներ կը միանայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն` կոչ ընելով կողմերուն հնարաւորինս արագ վերսկսելու առարկայական բանակցութիւնները եւ ընդգծելով տարածաշրջան ԵԱՀԿ դիտորդներու վերադառնալու կարեւորութիւնը, որքան արագ որ հանգամանքները զայն թոյլ կու տան, նաեւ նշած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment