Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ. Ատրպէյճանի Յատուկ Ծառայութիւնները Փորձած են Տեղեկութիւններ Կորզել ՀՀ Զինուած Ուժերու Վերաբերեալ

ԱԱԾ. Ատրպէյճանի Յատուկ Ծառայութիւնները Փորձած են Տեղեկութիւններ Կորզել ՀՀ Զինուած Ուժերու Վերաբերեալ

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտնած է, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան յատուկ ծառայութիւններու «արհեստավարժ հետախոյզները», հաւատարիմ մնալով իրենց բնորոշ պարզունակ գործելաոճին եւ օգտագործելով արդի տեղեկատուական արդիւնաբերական հնարաւորութիւնները, կը շարունակեն համացանցի ընկերային համացանցերուն վրայ գրանցել արտասահման բնակող հայերու անուններով կեղծ էջեր եւ ներկայանալով, որպէս գործարար բարերարներ, կամ ՀՀ ԶՈւ նախկին զինծառայողներ, ծանօթութիւններ կը հաստատեն հայ զինծառայող օգտատէրերու, կամ անոնց հարազատներուն հետ ու շփումների ընթացքին կը փորձեն կորզել ռազմական բնոյթի տեղեկութիւններ:

Ըստ ԱԱԾ-ին` ՀՀ Զինուած Ուժերուն մէջ դեռեւս կան առանձին զինծառայողներ, անոնց կարգին՝  հրամանատարական կազմի շրջանակին մէջ, որոնք միամտօրէն կարծելով, որ կը հաղորդակցին իրենց նախկին ծառայակիցներուն կամ ենթականերուն հետ, նամակագրութիւններու ընթացքին կը քննարկեն զինուորական ծառայութեան վերաբերող հարցեր:

Ձեռնարկուած հետախուզական միջոցառումներու ընթացքին պարզուած է, որ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու աշխատակից-օգտատէրը, Facebook ընկերային ցանցին մէջ գրանցուած մտացածին էջով (կեղծ) նամակագրական կապեր հաստատած է Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպայի հետ եւ փորձած է անկէ կորզել տեղեկութիւններ ԶՈւ-ի վերաբերեալ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յորդորէ ՀՀ քաղաքացիներուն՝ յատկապէս զինծառայողներուն, զերծ մնալ ընկերային ցանցերով անծանօթ օգտատէրերու հետ շփումներից եւ չքննարկել զինուորական ծառայութեան վերաբերող թեմաներ, իսկ նման իրադրութեան մէջ յայտնուած անձանց եւ զինծառայողներուն, իրենց իսկ շահերէն ելլելով, անյապաղօրէն դիմել ԱԱԾ-ին:

Լիազօրութիւնները դադրեցուած Սահմանադրական Դատարանի անդամներու գանգատը հասած է ՄԻԵԴ

Սահմանադրական Դատարանի դատաւորներ՝ Ալվինա Կիւլումեանը, Ֆելիքս Թոխեանը, Հրանդ Նազարեանը եւ ՍԴ-ի նախագահ՝ Հրայր Թովմասեանը, որոնց լիազօրութիւնները դադրեցուած են խորհրդարանի կողմէ ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններէն յետոյ, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին (ՄԻԵԴ) գանգատ ներկայացուցած են։ Այս տեղեկութիւնը «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց ՍԴ-ի դատաւոր Ալվինա Կիւլումեանը։

Անոնք կը պնդեն, որ իրենց իրաւունքները խախտուած են եւ կը պահանջեն կառավարութեան պարտաւորեցնել որոշակի գործողութիւններ ընելու։ ՍԴ-ի դատաւորները նաեւ խնդրած են, որ ՄԻԵԴ-ն կիրառէ հայցի ժամանակաւոր միջոցներ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ՄԻԵԴ-ը գանգատը կը քննէ արագացուած ընթացակարգով եւ իր դիրքորոշումը կը ներկայացնէ առաջիկայ օրերու ընթացքին։

ՄԻԵԴ-ը արդէն գրանցած է գանգատը ու հարցաշար ուղարկած ՀՀ կառավարութեան, անոնց լիազօրութիւններու դադրեցման հիմքերուն ու ընթացակարգին մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment