Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արսէն Թորոսեան. Մէկ Օրուայ Մէջ «Քորոնա» Վարակի «Ցուցանշային» Թիւ Գրանցուած է

Արսէն Թորոսեան. Մէկ Օրուայ Մէջ «Քորոնա» Վարակի «Ցուցանշային» Թիւ Գրանցուած է

by MassisPost

Վատ իմաստով Բացասական «ռեկորդային» ցուցանշային թիւ, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի վարակի 771 նոր դէպք 2336 հետազօտութիւններէն, իրավիճակը կառավարութեան նիստին ներկայացուց առողջապահութեան նախարարը, զանիկա բնորոշելով լարուած, բայց կայուն:

«Տոկոսի առումով ընդհանուր թուի մէջ կրկին տատանուում է նոր դրական դէպքերի թիւը 30 տոկոսի շրջանակներում կատարուած հետազօտութիւններից, այսինքն` այդ իմաստով կարծես թէ վիճակը չի փոխուում», – ըսաւ Արսէն Թորոսեան:

11 հոգի մահացած է քովիտի հետեւանքով, որոնց կարգին են` 44 եւ 46 տարեկան կիներ քրոնիկ հիւանդութիւններով: Ըստ նախարար Թորոսեանին՝ այս պահուն արհեստական շնչառական սարքին միացուած է  40 հոգի, ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են 103 քաղաքացիներ, 502-ը ծանր են։ Արսէն Թորոսեան շեշտեց, որ բժշկական հաստատութիւնները տեղերու խնդիր չկայ. «Բոլոր վերակենդանացման բաժանմունքներում մի քանի ազատ տեղեր կան, բայց կրկին այդ տեղերի ազատուելը եւ զբաղուելը շատ արագ է տեղի ունենում»:

Ինչպէ՞ս է վարակի տարածումի պատկերը, հետաքրքրուեցաւ վարչապետը։ 10-15 օր առաջ կարծիքներ կային, թէ հնարաւոր է, որ վարակակիրներու թիւը 100 հազարի կը հասնի։ Արսէն Թորոսեան պարզաբանեց, թէ մէկ օրուայ մէջ եթէ որոշեն հետազօտել Հայաստանի ողջ բնակչութիւնը, միեւնոյնն է, իրական պատկեր չես ստանար, քանի որ ժահրը կ’ախտորոշուի վարակուելէն օրեր անց, ամէն պարագային, յոյս ունի, որ թիւը 100 հազարէն պակաս է։

«Վարակը այժմ ամէնուր է, բայց մեծ բռնկումներ չկան»,- ըսաւ Թորոսեան եւ աւելցուց.- «Երիտասարդների մօտ յայտնաբերուած դէպքերի շրջանում տարածուածութեան ընթացքը չի աճում, ինչքան տարիքն իջնում է, այնքան ընկնում է տարածուածութեան ընթացքի աճը, բայց հակառակն ունենք տարեցների մօտ` ինչքան տարիքը բարձրանում է, այնքան ընթացքն աճում է»:

Հայաստան կը գտնուին Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները: Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, թէ անոնց հետ հանդիպումի ժամանակ արձանագրուած է, որ հակահամաճարակային երեք գլխաւոր կանոնները ընդհանուր են ողջ աշխարհի մէջ, եւ միակ խնդիրը կարգապահութիւնն է:

Ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարեան տեղեկացուց, թէ միայն երէկ՝ 397 հոգի Երեւանի մէջ տուգանուած է բակը դիմակ չկրելուն համար, նոյն օրը աւելի քան 1700 վարչական արձանագրութիւն կազմուած է: «Մեր նպատակը որեւէ մէկին տուգանելը չէ, ընդհակառակը` մեր նպատակը ոչ մէկին չտուգանելն է պայմանով, որ մենք բոլորս պահպանում ենք հակահամաճարակային կանոնները», – նկատել տուաւ վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment