Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը Շարունակէ Աջակցիլ Լիբանանի Հայկական Կրթական Հաստատութիւններուն եւ Լրատուամիջոցներուն

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը Շարունակէ Աջակցիլ Լիբանանի Հայկական Կրթական Հաստատութիւններուն եւ Լրատուամիջոցներուն

by MassisPost

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 55 հազար ԱՄՆ տոլար նուիրատուութիւն կատարած է ի աջակցութիւն Լիբանանի կրթական հաստատութիւններուն, որոնք երկրին մէջ տիրող ընկերա-տնտեսական ճգնաժամային պայմաններու պատճառով յայտնուած են դժուար կացութեան մէջ։ Միջոցները հաւաքագրուած են Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հիմնադրամի տեղական կառոյցներու կողմէն։

«Այժմ, երբ մեր բոլոր ճիգերն ուղղուած են սատարելու Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական ոլորտին, կարեւոր է նաեւ ձեռք մեկնել Լիբանանում անելանելի դրութեան մէջ գտնուող  մեր կրթամշակութային օջախներին, ինչպէս նաեւ տասնեակ տարիներ գործող հայալեզու լրատուամիջոցներին։ Լիբանանում ընկերա-տնտեսական ծանր ճգնաժամն էլ աւելի ահագնացաւ համավարակի տարածմամբ։ Աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները համահայկական հիմնադրամի մշտական ուշադրութեան կեդրոնում են»,- նշած է Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան։

Ի յաւելումն այս աջակցութեան, ընհանուր առմամբ 10 հազար ԱՄՆ տոլար համամասնաբար կը տրամադրուի Լիբանանի հայկական լրատուամիջոցներուն՝ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն, ինչպէս նաեւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանին։

Յիշեցնենք նաեւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը դեկտեմբեր 2019 թուականին, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի միջոցով հայկական 18 կրթական հաստատութիւններու փոխանցած էր 150 հազար ԱՄՆ տոլար նուիրատուութիւն, որմէ 50 հազարը՝ Արցախի կառավարութենէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment