Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 418-ով՝ հասնելով 21006-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 12 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Յունիս 23-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 1013-ով եւ հասած 10144-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 1274 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 98117-ի:
Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է. – «Բոլորն ունեցել են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Նախորդ օրն արձանագրուել է մահուան 9 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով»:
Մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 372-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 126 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 10364 մարդ: