Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրայր Թովմասեան կը Կարծէ, որ Ազգային Ժողովին մէջ Ընդունուած Սահմանադրական Փոփոխութիւնները Պէտք է Ուղարկուին Սահմանադրական Դատարան

Հրայր Թովմասեան կը Կարծէ, որ Ազգային Ժողովին մէջ Ընդունուած Սահմանադրական Փոփոխութիւնները Պէտք է Ուղարկուին Սահմանադրական Դատարան

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեան անդրադառնալով խորհրդարանի կողմէն երէկ՝ Յունիս 22-ին ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին, ակնարկեց, որ անիկա պէտք է ուղարկուեր Սահմանադրական դատարան։

Հակասահմանադրակա՞ն է արդեօք նախագիծը Բարձր դատարան չուղարկելու իշխանական խմբակցութեան որոշումը. այս հարցով Թովմասեան այսօր զերծ մնաց գնահատականներէն։

«Այն սահմանադրութիւնը, որը գործում է, որին ես մասնակցել եմ, այնտեղ չի գրուած, որ եթէ սահմանադրական փոփոխութիւնները վերաբերուելու են Սահմանադրական դատարանին, դա ենթակայ չէ նախնական սահմանադրական վերահսկողութեան», – այսօր լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ Թովմասեան:

Դիտարկութեան, թէ իշխող ուժի ներկայացուցիչները համոզուած են, որ Բարձր դատարանի դատաւորները այս պարագային զրկուած են առարկայական որոշում կայացնելու հնարաւորութենէն, Թովմասեան հակադարձեց, օրինակ բերելով Սահմանադրական դատարանի փորձը․ – «Երբ որ ՀՀ Սահմանադրական դատարանը քննութեան առարկայ էր դարձրել «Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքը, էդ ժամանակ ինչո՞ւ ոչ մէկի մտքով չէր անցնում… Ամբողջ խնդիրը հետեւեալն է, որ Սահմանադրական դատարանները, այո, իրենց էնպիսին են, որ իրենց վերաբերեալ հարցերը եւս կարող են լուծել»։

Եթէ երէկ Ազգային ժողովի ընդունած նախագիծը օրէնքի ուժ ստանայ, ապա կը դադրեցուին 12 տարիէն աւելի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու լիազօրութիւնները, եւ թափուր տեղերը լրացնելէ յետոյ դատաւորները իրենց կազմէն կ’ընտրեն ՍԴ-ի նոր նախագահ։

«Որպէս իրաւաբան եմ ասում․ ես երէկ մեր Ազգային ժողովում տեղի ունեցածի համար որպէս իրաւաբան, որպէս Սահմանադրութեան հեղինակներից մէկը, ես պարզապէս ամօթի զգացողութիւն ունեմ», – ըսաւ Թովմասեան։

Իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանի խօսքով, սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ ՍԴ-ի նախագահի ու միւս դատաւորներու հնչեցուցած մեկնաբանութիւնները արդէն իսկ կը փաստեն իրենց տեսակէտի ճշմարատացիութիւնը, որ Բարձր դատարանը այս պարագային առարկայական որոշում չի կրնար կայացնել․ – «Հրայր Թովմասեանը իր մեկնաբանութիւններով, իր գործընկերների, իրենց մեկնաբանութիւններով այսօր ուղղակի հաստատում են իմ յայտարարութիւնը, որ իրենք զրկուած են առարկայական քննութիւն իրականացնելուց»։

Խորհրդարանի կողմէն ընդունուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն համաձայն, կը դադրեցուին ՍԴ-ի դատաւորներ Հրանդ Նազարեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Ալվինա Կիւլումեանի լիազօրութիւնները։

Վերջինս սակայն համոզուած է, որ իշխող ուժի առաջարկած փոփոխութիւնները իր վրայ չեն ազդեր. – «Ինձ վերաբերուել չի կարող, որովհետեւ ես պաշտօնավարում եմ 2014 թուականի օգոստոսից, իսկ եթէ աւելի յստակ լինենք` հոկտեմբերի 1-ից, որովհետեւ պարտականութիւնների կատարմանը անցել եմ հոկտեմբերի 1-ին»:

«Ազատութեան» դիտարկութեան, թէ փոփոխութիւններուն հեղինակները կը հաշուեն նաեւ ՍԴ-ի իր առաջին պաշտօնավարումը, Կիւլումեան արձագանգեց. – «Դա կամայական մեկնաբանութիւն է»:

Ալվինա Կիւլիւմեանը Սահմանադրական դատարանի անդամ էր 1996- 2003 թուականներուն, ապա նշանակուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Հայաստանի ներկայացուցիչ։ Յետոյ 2014-ին կրկին վերադարձած է Սահմանադրական դատարան։

Կիւլումեան ըսաւ, որ պաշտօնէն զրկուելու պարագային, իրաւական գործընթաց կը սկսի: Ան վստահ է, որ ունի բոլոր հիմքերը։

«Իմ քայլը» խմբակցութենէն Վահագն Յովակիմեան հակադարձելով պնդած է, որ փոփոխութիւնները նաեւ Ալվինա Կիւլումեանին կը վերաբերին.- «Եթէ Ալվինա Կիւլումեանը ընդհանուր տեւողութեան 12 տարուց աւելի է պաշտօնավարել, ուրեմն այդ փոփոխութիւններն իր վրայ էլ են տարածուում։ Եւ իր մեկնաբանութիւնը եւս մէկ անգամ ապացուցում է, որ եթէ խորհրդարանը դիմեր Սահմանադրական դատարանին, Սահմանադրական դատարանը ի վիճակի չէր  առարկայական որոշում կայացնել»։

Զինք թոշակի ուղարկելու պարագային, իրաւական գործընթաց սկսելու մտադրութիւն ունի նաեւ Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Ֆելիքս Թոխեան։ Ան եւս իշխանութիւններու նախաձեռնած փոփոխութիւնները խնդրայարոյց կը համարէ։ Թէեւ Թոխեան եւս զերծ կը մնայ իշխանական ուժի նախաձեռնած փոփոխութիւններուն գնահատականներ տալէ, այնուամենայնիւ, դատաւորը իր խօսքին մէջ «խախտում» բառը կը գործածէ. – «Որեւէ մէկը կասկած ունի՞, որ բոլոր իրաւական միջոցներով մենք պայքարելու ենք որեւէ խախտման դէմ»:

Խորհրդարանի կողմէն ընդունուած Սահմանադրական փոփոխութիւնները առանց նախագահի ստորագրութեան, միայն Ազգային ժողովի ղեկավարի կողմէն հրապարակուելէն յետոյ կը մտնեն ուժի մէջ, եթէ նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրէ պատգամաւորներու կողմէն երէկ ընդունուած մէկ այլ օրինագիծ, ըստ որու՝ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը նախագահին ուղարկելու անհրաժեշտութիւն չկայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment