Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աւելցած Է 320-ով, Ապաքինուած Է 129 Հոգի, Արձանագրուած Է Մահուան 10 Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աւելցած Է 320-ով, Ապաքինուած Է 129 Հոգի, Արձանագրուած Է Մահուան 10 Դէպք

by MassisPost

Վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, 1089 հետազօտութենէն «Քորոնա» ժահր հաստատուած է 320 մարդու մօտ։ Կատարուած հետազօտութիւններու ոչ մեծ քանակը, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, քանի մը հանգամանքներու հետ պայմանաւորուած է:

«Աւելի քիչ հետազօտութիւններ են իրականացուել, միջին հաշուարկով, ի հարկէ, դա նորմալ է, 1000-ը կայ` 1089 հետազօտութիւն է կատարուել, դա պայմանաւորուած է շաբաթ-կիրակի հանգստեան օրով: Դիմելիութիւնն է աւելի քիչ եւ որոշ տարրալուծարաններ նաեւ իրականացնում են ախտահանիչ աշխատանքներ հանգստեան օրերին», – ըսաւ Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան:

Նախօրէին արձանագրուած է մահուան 10 դէպք, հիւանդներէն 9-ը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 3 մարդ մահացած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 117 է։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը երէկ արդէն հատեց 20 հազարը, ընդհանուր առմամբ՝ 20 հազար 588 դէպք, մահուան դէպքերը՝ 360։ Այս պահուն եւ՛ հիւանդանոցները, եւ՛ տունը բուժում կը ստանան 10 հազար 980 մարդ: Երէկ ապաքինուած է 129 հոգի։

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակի փոխանցումով՝ այս պահուն 88 հիւանդ կը սպասէ հիւանդանոց փոխդրուի։  Հիւանդանոցներու   մէջ   պէտք եղած   մահճակալներու քանակը   բաւարար է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment