Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սիտնիի Մէջ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 105-Ամեակի Ոգեկոչում

Սիտնիի Մէջ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 105-Ամեակի Ոգեկոչում

by MassisPost

Կիրակի, 21 Յունիս 2020-ին, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ նշուեցաւ Հնչակեան Քսան անմահներու 105-ամեակի յիշատակը, կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ Շրջանի Վարիչ Մարմնոյ:

Մասնակիցները նախ ներկայ գտնուեցան Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ի յիշատակ Քսան անմահներուն: Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին Տէր Աւետիս քահանայ Համբարձումեան ընթերցեց կախաղան բարձրացած Քսան հերոսներուն անունները մէկ առ մէկ:

Պատարագին կը նախագահէր Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան:

sydney-20-5

Հոգեհանգիստէն ետք ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ մօտակայ այգին, ուր զետեղուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար մը, շարունակելու համար ոգեկոչումը: Նկատի առնելով Գորոնա ժահրի համաճարակը, սահմանափակ թիւով հրաւիրեալներ ներկայ էին:

Խաչքարին ծաղկեպսակ զետեղեցին վեթերան ընկերներ Ճոն Տէմիրճեան եւ Վրէժ Մանուկեան:

Խաչքարին շուրջ համախմբուած, յանուն ՍԴՀԿ Աւստրալիոյ շրջանի Վարիչ Մարմնին, խօսք առաւ Շրջանի ատենապետ ընկեր Աւօ Թոփուզեան:

sydney-20-3

Ապա սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաճարեան, որ վեր առաւ Քսաներու սխրագործութիւնը: Ան ըսաւ, որ այն օրուընէ երբ Խրիմեան Հայրիկ վերադարձաւ եւ գիտցաւ, որ առանց երկաթէ շերեփի հնարաւորութիւն չկար այլեւս հայկական իրաւունքները պաշտպանելու, Հնչակեան կուսակցութիւնը որպէս Մայր կուսակցութիւն առաջինը եղաւ մտածելու, թէ ինչ ձեւով հայ ժողովուրդը կրնար իր արդար իրաւունքներուն տէր կանգնիլ: Ան շեշտեց, որ Քսանները ինկան, սակայն անոնց երազը իրենց մահով չաւարտեցաւ. անոնք ճշմարիտ մարգարէներու պէս գուշակեցին, որ քսաններուն տեղ ուրիշ քսաններ, քսան հազարներ պիտի գան եւ պիտի իրականացնեն իրենց երազը: Այսօր մենք այդ Քսաններէն դասեր պէտք է քաղենք, որպէսզի զոհ չերթանք նոր խարդաւանքներու եւ մեր այս ունեցած հայրենիքն ալ չկորսնցնենք: Սրբազանը նշեց, որ Քսանները իրենց կախաղաններէն մեզի դասեր կու տան, որ պէտք է միացեալ ու միախորհուրդ ըլլանք, քանի որ մեր զօրութիւնը մեր հաւաքականութեան մէջ է:

Սրբազանը ապա «Պահպանիչ»ով փակեց հաւաքը:

Աւարտին երգուեցաւ «Ուխտի Երգ»ը:

Իսկ Կիրակի երեկոյեան, Սիտնիի «Նոր Սերունդի Ձայն» ռատիոկայանէն սփռուեցաւ յատուկ յայտագիր մը` նուիրուած Քսան կախաղաններուն:

Sydney-Nor Srount Radio

https://www.facebook.com/1534399126863254/videos/723541598190127/

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment