Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վենետիկի Յանձնաժողովը Դրական Եզրակացութիւն Տուած է Իշխանութիւններու Դիմումին Վերաբերեալ

Վենետիկի Յանձնաժողովը Դրական Եզրակացութիւն Տուած է Իշխանութիւններու Դիմումին Վերաբերեալ

by MassisPost

«Առաջին լրատուական»-ի տեղեկութիւններով՝ արդէն իսկ պատրաստ է ՍԴ-ին ճգնաժամը յաղթահարելու վերաբերեալ Վենետիկի յանձնաժողովի դիրքորոշումը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ, երբ որոշում առնուեցաւ, համաճարակին հետ պայմանաւորուած, ՍԴ-ին ճգնաժամը լուծել ոչ թէ հանրաքուէի, այլ ԱԺ-ի միջոցով, արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան յայտարարեց, որ դիմած են Վենետիկի յանձնաժողովին լուծման այդ ճանապարհին վերաբերեալ դիրքորոշում ստանալու համար։ Եւ ահա այդ դիրքորոշումը արդէն պատրաստ է։ Եւ, չնայած Վենետիկի յանձնաժողովը մշտապէս զգուշաւոր դիրքորոշումներ ներկայացուցած է դատաւորներու անկախութեան եւ անփոփոխելիութեան հետ կապուած պետութիւններու նախաձեռնութիւններու դէպքերուն։ Աւելին, այս այն մարմինն է, որ ինքը կը սահմանէ  եւ կը խրախուսէ այդ չափանիշները։ Թերեւս այս էր պատճառը, որ շատ իրաւաբաններ, անոնց կարգին՝ նախկին եւ ներկայ (Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան) ՀՀԿ-ական «իրաւական» շրջանակներ ու անոնց մանր ու մեծ խօսնակները, կը գուժէին, որ բացառուած է, որ Վենետիկի յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տայ ՍԴ-ի ճգնաժամի յաղթահարման վերաբերեալ իշխանութիւններու առաջարկութեան։

Սակայն մեզի հասած հաւաստի տեղեկութիւններով, Յունիս 18-ի նիստին, Վենետիկի յանձնաժողովը պիտի հաստատէ կարծիք մը, ըստ որու՝ յանձնաժողովը ընդունելի կը համարէ իշխանութիւններու՝ ՍԴ  օրինակը կեանքի կոչելու առաջարկութիւնը եւ պիտի նշէ, որ այդ կը համապատասխանէ եւրոպական չափանիշներուն։ Ուստի, Վենետիկի յանձնաժողովը ընդունելի համարած է իշխանութիւններու առաջարկութիւնը, ըստ որու՝ 12 տարիէն աւելի պաշտօնավարած դատաւորներու լիազօրութիւնները պէտք է դադրին, պէտք է ընտրուի Սահմանադրական Դատարանի նոր նախագահ, ինչպէս որ սահմանուած է Սահմանադրութեան 2015 թուականի փոփոխութիւններով։

Յանձնաժողովը դրական կարծիք արտայայտած է նաեւ Ազգային ժողովի նախապէս յայտարարած հանրաքուէն չեղեալ համարելու հնարաւորութեան եւ Սահմանադրական դատարանի կողմէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախնական քննութեան շրջանակu յստակեցնելու հարցերու վերաբերեալ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment