Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրաչեայ Յակոբեանի Համոզմամբ Միքայէլ Մինասեանին Պէտք է Վերադարձնել Հայաստան. «Այդ Հանրային Պահանջ է»

Հրաչեայ Յակոբեանի Համոզմամբ Միքայէլ Մինասեանին Պէտք է Վերադարձնել Հայաստան. «Այդ Հանրային Պահանջ է»

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեանի տիկնոջ եղբայր, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Հրաչեա Յակոբեան չի մանրամասներ, թէ ուրկէ իրեն տեղեկութիւներ այն մասին, որ յաջողած են վերականգնելու Վատիկանի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան, Սերժ Սարգսեանի փեսայ՝ Միքայէլ Մինասեանի հին համակարգիչէն հսկայական ծաւալի՝ հազարաւոր էջեր կազմող տեղեկութիւն:

«Թէ ինչպէս է յայտնի դարձել, թոյլ տուէք չասեմ», – «Ազատութեան» հետ զրոյցին նշեց Յակոբեան:

Այդ տեղեկութեան մէջ, ըստ Յակոբեանին, նշուած է, թէ Մինասեան «ում ինչքան փող է տուել, ումից ինչքան փող է ստացել, ումից ինչ եւ ինչպէս է խլել, ընտրութիւնների արդիւնքներն ինչպէս է կեղծել՝ ում միջոցով, ինչ հնարքներով, ում ոնց է առել»: «Կարեւորը՝ սեփականութիւնների ամբողջական ցանկով, օֆշորային հաշիւներով եւ ընկերութիւններով», – Ֆէյսպուք գրած է Հրաչեայ Յակոբեան:

«Ձեզ, փաստօրէն, զարմացրե՞լ է այն, ինչ յայտնաբերուել է», – «Ազատութեան» այս հարցումին «Իմ քայլ»-ի պատգամաւորը պատասխանեց. – «Բաւականին, բաւականին: Չեմ կարող ասել ինչ է յայտնաբերուել, բայց էն որ զարմացրել է՝ միանշանակ»:

Հարցումին որ «մօտաւորապէս ի՞նչ թուերի մասին է խօսքը», Յակոբեան արձագանգեց. – «Թոյլ տուէք հիմա չխօսեմ դրա մասին»:

Իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ, պատգամաւորը, մէկ օրինակ բերած է՝ նշելով, որ «Տապլ Թրի Հիլթոն» հիւրանոցը Միքայէլ Մինասեանինն է:

« Համակարգչի  մասնագէտի  շնորհիւ հնարաւոր է եղել վերականգնել ջնջուած փաստաթղթերը, այդքանը», – նշեց վարչապետի կնոջ եղբայրը. հարցումին, թէ ի՞նչ կու տայ այդ մէկը քրէական գործին, այդ փաստաթուղթերը կ’ունենա՞ն արդեօք ապացուցողական նշանակութիւն, պատասխանեց. – «Դա արդէն իրաւապահները կը տեսնեն, թէ իրենց ինչ կու տան այդ փաստաթղթերը»:

Մինասեանի յայտնաբերման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն հետ կապուած Հրաչեա Յակոբեան դժուարացաւ որեւէ բան ըսել. – «Չգիտեմ: Ունեմ իմ տեղեկութիւնները՝ որտեղ է գտնուում, այդքանը, Սոչի քաղաքում, իմ տեղեկութիւններով՝ այո, չեմ բացառում, որ իրաւապահներին նոյնպէս յայտնի է: Բայց մնացած գործողութիւնների հետ կապուած ես անձամբ ոչինչ չեմ կարող ասել»:

Պատգամաւորի համոզումով՝ Մինասեանին պէտք է վերադարձնել Հայաստան, «որովհետեւ դա, այսպէս ասած, հանրային պահանջ է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment