Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2019-ին Հայստանի Պիւտճէն Արձանագրած է Աննախադէպ Ցուցանիշ

2019-ին Հայստանի Պիւտճէն Արձանագրած է Աննախադէպ Ցուցանիշ

by MassisPost

«2019-ը պիւտճէի առումով պատմական տարի էր», – այսօր անցեալ տարուայ պիւտճէի տարեկան հաշուետուութեան քննարկումներու ժամանակ առցանց ելոյթին, յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընդգծելով՝ 2019-ին արձանագրուած է վերջին 12 տարուայ մէջ աննախադէպ ցուցանիշ՝ 7,6 տոկոս տնտեսական աճ։ Կառավարութիւնը յաջողած է նախատեսուածէն 104 միլիառ դրամով աւելի հարկային եկամուտներ ապահովել, որմէ 62 միլիառը դարձաւ պետական պիւտճէի եկամուտը, իսկ 42 միլիառը վերադարձուեցաւ աւելցուած արժէքի հարկի պարտքը։

Այնուամենայնիւ, ըստ վարչապետին, 2019-ին պիւտճէ չէ մուտքագրուած այն ամբողջ կարողութիւնը, որու հնարաւորութիւնը ունէինք։ «Ամենատարբեր հաշուարկներով՝ Հայաստանում հսկայական ստուերային տնտեսութիւն գոյութիւն ունի, եւ նոյնիսկ որոշ գնահատականներ կան, որ պիւտճէի հաւաքագրման կարողութիւնը կարող էր աւել լինել մինչեւ, օրինակ, 400 միլիառ դրամի», – ընդգծեց Փաշինեան:

2020-ը, ըստ վարչապետին, նոյնպէս պատմական է, բայց ոչ տնտեսական աճի առումով՝ խօսքը «Քորոնա» ժահրի մասին է: Այդ ժամանակաշրջանը նոր սկսած է, եւ պարզ չէ, թէ ինչքան կը տեւէ, հետեւաբար՝ դեռեւս վաղ է կորուստները ամփոփելու համար։ Ամէն պարագային, Փաշինեան իր ելոյթով խօսեցաւ ստեղծուած ճգնաժամը իբրեւ հնարաւորութիւն օգտագործելու կարեւորութեան մասին։ Վարչապետի համոզումով՝ այժմ պետութեան, պետական կարգի եւ քաղաքացիի փոխ յարաբերութիւններուն խորը վերագնահատման գործընթաց տեղի կ’ունենայ, եւ այդ առումով այսօր, ինչպէս 2018-ին, յեղափոխական ժամանակներ են։

Ըստ վարչապետին՝ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի շրջանին պէտք է վերագնահատենք մեր վերաբերմունքը կարգապահութեան եւ քաղաքացիական պարտականութիւններու նկատմամբ։ Կարգապահութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ թէ ուժի եւ հարկադրանքի, այլ՝ հոգեբանութեան եւ պետութեան նկատմամբ ունեցած նոր փիլիսոփայութեան արդիւնք։

Այս նոյն  թեմայով, ըստ Նիկոլ Փաշինեանին, պէտք է պիւտճէի նկատմամբ ձեւաւորել նոր ընկալում, անցեալին թողնել այն հին ընկալումը, թէ պիւտճէն մարդոց թալանելու, անոնց վերջին լուման ձեռքէն խլելու համար է։ «Պիւտճէի նոր ընկալումը պէտք է լինի հետեւեալը, որ պետական պիւտճէն մեր ընդհանուր դրամապանակն է, որը մենք ձեւաւորում ենք միասին՝ մեր ընդհանուր կարիքները հոգալու համար: Պետպիւտճէի նկատմամբ վերաբերմունքը ինձ համար հետեւեալ հարցի պատասխանն է՝ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները ունե՞ն արդեօք կամք՝ պետականութիւն ունենալու», – ըսաւ պետութեան ղեկավարը:

Այս առումով, ըստ վարչապետին, պէտք է փոխուի նաեւ հանրութեան ընկալումը պետական պաշտօնեաներուն բարձր աշխատավարձ վճարելու անհրաժեշտութեան նկատմամբ, քաղաքացին պէտք է ուզէ, որ պաշտօնեան ստանայ բարձր աշխատավարձ, ի հարկէ, զերծ մնալով քորուփցիոն երեւոյթներէն։ Այդ, ըստ Փաշինեանին, նոյնպէս պետականութիւն ունենալու կամքի դրսեւորում է։

Վարչապետը պարզ համեմատութիւն կատարեց, իւրաքանչիւր ընտանիք իր ամենատարբեր կարիքները բաւարարելու համար կը փորձէ որակեալ մասնագէտներ գտնել:

«Ենթադրենք՝ մի միլիառ դրամը, որով պիտի ֆինանսաւորուի, օրինակ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաների, պաշտօնեաների, դատաւորների աշխատավարձը, դատաւորների՝ առանձնայատուկ նշում եմ, դա որպէս գումար Հայաստանի Հանրապետութեան 3 միլիոն քաղաքացիների կեանքում ոչինչ չի կարող փոխել, բայց այդ գումարով որակեալ պաշտօնեաների, որակեալ ծառայողների վարձելը եւ ներգրաւելը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների կեանքում շատ, շատ, շատ, շատ էական բաներ կարող է փոխել», – յայտարարեց Կառավարութեան ղեկավարը:

Ըստ վարչապետին՝ այսօր բարեփոխումներու ամենալաւ շրջանն է, քանի որ տնտեսական առումով այլեւս որեւէ կորցնելու բան չունինք, մինչդեռ 2019-ին կառավարութիւնը շատ զգոյշ էր, կեդրոնացած, տնտեսական աճ եւ եկամուտներ ցոյց տալու եւ ունենալու վրայ։ «Բայց հիմա մենք մի վիճակում ենք, որ կորցնելու բան չունենք, աւելի ճիշդ՝ մեր այսօրը կորսուած է, մենք պէտք է մտածենք վաղուայ մասին: Եւ այս առումով՝ մեր պետականութեան ունենալու կամքի արտայայտութիւն պէտք է դառնայ այն բարեփոխումների նկատմամբ վերաբերմունքը, որ Կառավարութիւնը այսօր ձեռնարկում է», – շեշտեց Փաշինեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment