Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Ռուսաստան Ռազմական Համագործակցութիւնը Բաւական Սերտ է. Լաւրով

Հայաստան-Ռուսաստան Ռազմական Համագործակցութիւնը Բաւական Սերտ է. Լաւրով

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովը յայտնած է, որ Հայաստանի հետ ՌԴ ռազմական համագործակցութիւնը բաւական սերտ է: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով, ինչպէս կը յայտնէ Regionmonitor-ը, այս մասին Լաւրով ըսած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի արդիւնքներու ամփոփման ասուլիսին:

«Յարաբերութիւնները մենք կը գնահատենք, որպէս դաշնակցային: Այդ կը վերաբերի եւ՛ ՀԱՊԿ շրջանակին, եւ՛ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն: Ռազմական համագործակցութիւնը բաւական սերտ է»,- ըսած է Լաւրովը:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուի ռուսական ռազմական խարիսխ, որ կ’աջակցի տարածաշրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան պահպանման:

«Ինչ կը վերաբերի ռազմատեխնիկական համագործակցութեան, որ մենք կը ցուցաբերենք Հայաստանի Հանրապետութեան, այստեղ եւս բաւական սերտ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք կ’ընթանայ»,- նշած է նախարարը:

Սերկէյ Լաւրով նշած է, որ այդ աշխատանքը մշտական է, ամենօրեայ եւ մասնագիտական, եւ այդ առընչութեամբ որեւէ հարց չ’առաջանար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment