Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Վարչապետի եւ Արցախի Նախագահի Հանդիպումը եւ Առանձնազրոյցը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Վարչապետի եւ Արցախի Նախագահի Հանդիպումը եւ Առանձնազրոյցը

by MassisPost

Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի առանձնազրոյցը:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Յարութիւնեանը Փաշինեանին շնորհակալութիւն յայտնած է իր երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցութեան համար:

«Ուզում եմ այսօր եւս յայտարարել, որ պատրաստակամ եմ կիսելու այն բեռը, խնդիրները, որոնք այսօր ծառացած են հայ ժողովրդի, Հայաստան աշխարհի վրայ», – ըսած է Արցախի նախագահը:

Հայաստանի վարչապետը անգամ մը եւս շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի նախագահ ընտրուելու եւ պաշտօնամուտի առթիւ:

«Երէկ իսկապէս պաշտոնամուտի տպաւորիչ միջոցառումներ տեղի ունեցան եւ տպաւորիչ առաջին հերթին բովանդակութեան առումով: Մինչ քայլում էինք այստեղ, ես ասացի, որ Արցախում հաստատուած է շատ լաւ մթնոլորտ, եւ կարծում եմ, որ մեր խնդիրն այս մթնոլորտն այս մակարդակի վրայ պահելն է եւ աւելի զարգացնելը: Եւ ի հարկէ շատ կարեւոր եմ համարում, որ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնների միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն տեղի ունենայ, դրա համար կան անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները: Համոզուած եմ` այդպէս էլ կը լինի», – յայտարարած է Փաշինեան:

«Միանշանակ համակարծիք եմ, պարոն վարչապետ: Մեր հասարակութեանը ես դիտարկում եմ որպէս մէկ ամբողջութիւն, չկայ Հայաստանի ժողովուրդ, Արցախի ժողովուրդ, կայ հայ ժողովուրդ, եւ մենք այդ սկզբունքից ելնելով պէտք է պահենք մթնոլորտը, զարգացնենք: Այն նախադրեալները, որոնք այսօր ստեղծուած են Արցախում ոչ միայն բարոյահոգեբանական, այլեւ տնտեսութեան զարգացման, ընկերային ծրագրերի, հայրենադարձութեան առումով, ամէն ինչ հնարաւոր է իրականացնել համատեղ աշխատանքի շնորհիւ», – ընդգծած է Արցախի նախագահը:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Մասիս Մայիլեանի մասնակցութեամբ:

pashinyan-harutyunyan-2

Մէկ այլ պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան Մայիս 22-ին, Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցած են Արցախի եւ Հայաստանի դրամատնային համակարգերու ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկուած են համագործակցութեան ընդլայնման եւ տնտեսութեան խթանման վերաբերող հարցեր:

Մայիս 22-ին, Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին մէջ կայացած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Արցախի Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ՝ Արթուր Թովմասեանի հանդիպումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment