Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահի Երդմնակալութեան Յաջորդող Խնջոյքի Լուսանկարները Դարձած են Քննադատութեան Թիրախ

Արցախի Նախագահի Երդմնակալութեան Յաջորդող Խնջոյքի Լուսանկարները Դարձած են Քննադատութեան Թիրախ

by MassisPost

Արցախի նորընտիր նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի երդմնակալութեան յաջորդող խնջոյքի լուսանկարները սուր քննադատութեան առիթ տուած են Հայաստանի իշխանութիւններու հասցէին։

Մայիս 21-ին տեղի ունեցած միջոցառման լուսանկարներէն կը պարզուի, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան, եւ քանի մը տասնեակ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ մասնակցած են բացօթեայ տարածքի մէջ կազմակերպուած խնջոյքին, առանց պահպանելու ընկերային հեռաւորութիւնը։

Ընկերային ցանցերու օգտատէրերը, քննադատելով «Քորոնա» ժահրի տարածման պայմաններուն մէջ նման մարդաշատ հաւաքի կայացումը, կը յիշեցնեն, որ անձամբ վարչապետը պարբերաբար կոչ կ’ընէ չմասնակցելու բազմամարդ միջոցառումներու եւ դիմակներ կրելու, մինչդեռ իրենք չեն պահպաներ այդ կանոնները։

Վարչապետի խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին, պատասխանելով ուղղուած քննադատութեան, պնդեց, թէ իրենց կողմէ պահպանուած են սահմանուած բոլոր կանոնները․ – «Մինչեւ ընդունելութիւնը տեղի էր ունեցել Արցախի նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը, որից առաջ եւ որի ժամանակ եւ՛ վարչապետը, եւ՛ տիկինը, եւ՛ կառավարութեան անդամները, եւ՛ Ազգային ժողովի պատգամաւորները, հրաւիրեալները մեր կողմից կրել են դիմակներ, շատերը նաեւ կրել են ձեռնոց»։

Գէորգեանի խօսքով՝ հրապարակուած լուսանկարները ընդամէնը պահ մը ժամանակ են, երբ շնորհաւորանքներ հնչած են։

«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» կազմակերպութեան ղեկավար Դանիէլ Իոաննիսեանը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է, որ իրենք պիտի դիմեն Արցախի ոստիկանութիւն՝ խնջոյքի մասնակիցներուն, անոնց կարգին՝ վարչապետ Փաշինեանին տուգանելու համար։

Ըստ Իոաննիսեանի, բարձրաստիճան պաշտօնեաները խախտած են Արցախի պարէտի որոշումը, որմով կ’արգելուին 20 հոգիէ աւելի մասնակիցներով միջոցառումները։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Կառավարութեան նիստի ընթացքին ըսած էր, որ «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած իրավիճակը շատ լուրջ է, եւ իրենք պէտք է օրինակ ծառայեն քաղաքացիներուն համար․ – «Քաղաքացիների կողմից շատ ճիշդ դիտարկում էր արուած, նաեւ ընկերային  ցանցերում, թէ եթէ փակ տարածքներում դիմակ կրելը պարտադիր է, ինչու կառավարութիւնում եւ կառավարութեան քննարկումների ժամանակ այդ պայմանը չի պահուում։ Կարծում եմ, շատ արդարացի եւ ճիշդ դիտարկում է»։

Երէկուընէ հնչող քննադատութեան, Ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ անդրադարձած է նաեւ Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Ալեն Սիմոնեան, որ նոյնպէս մասնակցած է երդմնակալութեան արարողութեան ու ընդունելութեան։

Սիմոնեան կ’ընդգծէ, որ լուսանկարները առնուած են Լեռնային Ղարաբաղ, ուր «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած այլ իրաւական  կանոն կը կիրառուի․- «Լուսանկարը, որը որ այսօր շրջանառուում է համացանցում, արուած է բաց տարածքում, արուած է Արցախում գործող կանոնների, կարգի, օրէնքին համապատասխան»։

Այնուհանդերձ, ան հասկնալի կը համարէ շատերու մօտ յառաջացած զայրոյթն ու հարցերը․ – «Ամէն մի բառ, ամէն մի լուսանկար, ամէն մի արտայայտութիւն շահարկումների առիթ են հանդիսանում։ Նոյնիսկ բաց տարածքում շնորհաւորելիս պէտք էր այդ բանը հաշուի առնել»։

Սիմոնեանը եւս կ’ընդունի, որ իրենք օրինակ պիտի ծառայեն քաղաքացիներուն համար․ – «Մենք բոլորս այս իրավիճակում պէտք է հետեւութիւններ անենք ամէն ինչից եւ մեր սխալների, բացթողումների վրայ սովորենք։ Կրէք դիմակները, դրանք պարտադիր են»։

Օրինակ ծառայելու մասին այսօր խօսած է նաեւ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, անդրադառնալով աղմուկ հանող լուսանկարներուն։ Նախարարին խօսքով, ընկերային հեռաւորութիւնը պէտք է պահպանուի ամէն տեղ եւ ցանկացած իրավիճակի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment