Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Օր Մը Թուրքիան Ճանաչէ Ցեղասպանութիւնը, Այդ Առաջին Հերթին Լաւ Կ’ըլլայ Իրեն Համար. ՀՀ Նախագահ՝ Stratnews Global-ին

Եթէ Օր Մը Թուրքիան Ճանաչէ Ցեղասպանութիւնը, Այդ Առաջին Հերթին Լաւ Կ’ըլլայ Իրեն Համար. ՀՀ Նախագահ՝ Stratnews Global-ին

by MassisPost

Ցեղասպանութեան ժխտման խնդիրը կու գայ անկէ, որ ան չէ ճանաչուած Թուրքիոյ կողմէ: Այս մասին տեսակապի միջոցով հնդկական StratNews Global հեղինակաւոր տեղեկատուական  հարթակին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէք այն փաստը, որ Թուրքիան կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ կը կատարուի, որ ցեղասպանութիւնը ճանաչուի, որպէսզի նոյնը չկրկնուի, ՀՀ նախագահը պատասխանած է. «Մի քանի կէտ կ’առանձնացնեմ, որից առաջինը կ’անուանեմ՝ ուժ: Եթէ դուք ընդունում էք ձեր սխալները, ապա ուժեղ էք, կարողանում էք ասել՝ այո՛, սխալ քայլ եմ արել եւ ցաւում եմ դրա համար: Այդ քայլը ձեզ թոյլ չի դարձնում, այլ ուժեղացնում է:

Երկրորդ կէտը կ’անուանեմ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն: 1,5 միլիոն մարդ նահատակուեց նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքում: Այդ մարդիկ այնտեղ էին ապրում հազարաւոր տարիներ. հայերը նորեկներ չէին: Իսկ ո՞ւր մնացին նրանց մշակոյթը, հազարաւոր եկեղեցիներն, ամրոցները, մշակութային կեդրոնները, մեծ գրականութիւնը եւ այլն: Կայ պատմութիւն, եւ աշխարհն այն ճանաչել է:

Եթէ մի օր Թուրքիան պաշտօնապէս ճանաչի Հայոց ցեղասպանութիւնն, ապա դա առաջին հերթին լաւ կը լինի Թուրքիայի ժողովրդի եւ Թուրքիայի համար: Օրինակ՝ Թուրքիան ցանկանում է միանալ Եւրոպական միութեանը, սակայն եւրոպական ամենամեծ արժէքներից մէկը հանդուրժողականութիւնն է, որը Եւրոպան միասնական է պահում: Կարեւոր է ճանաչել պատմութիւնը եւ հանդուրժողականութեան ճանապարհով գնալ:

1915 թուականին մենք կորցրեցինք 1,5 միլիոն մարդ: Պարզ մաթեմատիկական հաշուարկով՝ եթէ դա չլիներ, ամբողջ աշխարհի հայերը, որոնք այսօր մօտ 10 միլիոն են, որից 3 միլիոնն է Հայաստանում ապրում, կը լինէին 20-25 միլիոն: Սա միայն 1,5 միլիոն հայերի մահուան մասին չէ, այլ սերունդների կորուստ է, մարդիկ, որոնք չծնուեցին:

Մենք նաեւ դարեր ի վեր տարբեր մշակոյթների, տեղեկատուութեան կրողներ, վաճառականներ ենք եղել: Հայերը մշտապէս կապուած են եղել տարբեր մշակոյթների հետ: Հայերը քաղաքակրթութեան խաչմերուկում են եղել, մենք առաջին քրիստոնեայ երկիրն ենք աշխարհում, մենք շատ ենք տառապել, ինչը, կարծում եմ, մեզ ուժեղ, վերապրող ժողովուրդ է դարձրել: 21-րդ դարում անհատական վերապրողները դեռ շարունակում են շատ կարեւոր լինել»:

Պաշտօնատար անձերու մասնակցութիւնը  2003-2018 թուականներուն կատարուած սպանութիւններուն․ քրէական գործերը ՅՔԾ   (Յատուկ քննչական  ծառայութիւն) հասած են

2003-2018 թուականներուն կատարուած սպանութիւններուն եւ անոնց փորձերու դէպքերու առընչութեամբ՝ ՀՀ քննչական կոմիտէի, յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութիւնը քննուող քրէական գործով, պարզուած են շարք մը հանգամանքներ:

Քննութեամբ՝ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ 2003-ի Սեպտեմբեր 30-ին,  սպանութեան համար հետախուզման մէջ գտնուող մեղադրեալը, Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէն մէկ այլ քաղաքացիի կեղծ տուեալներով ստացած է Վրաստանի քաղաքացիի անձնագիր եւ մեկնած  Ֆրանսա:

Մեղադրեալը, Վրաստանի քաղաքացիի տուեալներով, ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար, 2010-ին դիմած է Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպանութիւն, իսկ 2011-ի Փետրուար 17-ին, նոյն կեղծ տուեալներով, ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու վերաբերեալ դիմում ներկայացուցած է ՀՀ նախագահին: Այդ կապակցութեամբ ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան մէջ կազմուած է քաղաքացիութիւն շնորհելու վերաբերեալ գործ եւ ուղարկուած ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, կարծիք յայտնելու նպատակով:

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւն պատասխան գրութիւն ուղարկուած է, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհելու վերաբերեալ առարկութիւն չունին:

ՀՀ նախագահի 2011-ի  Յունիս 20-ի հրամանով՝ մեղադրեալին, կեղծ տուեալներով, ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհուած է, իսկ 2011-ի Հոկտեմբեր 31-ին անձնագրային եւ վիզաներու վարչութենէն վերջինս ստացած է ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր, որմէ յետոյ այդ անձնագիրով, 2012-ի Մարտ 23-էն մինչեւ 2016-ի օգոստոս 24-ը, պարբերաբար ապօրինի հատած է ՀՀ պետական սահմանը:

2011-ի նոյեմբեր 1-էն մեղադրեալը, կեղծ տուեալներով, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին հետ կնքուած աշխատանքային պայմանագիրով ընդունուած է ծառայութեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւն՝ նշանակուելով զինծառայողի հաստիքի՝ որպէս զօրամասի ուսումնական մասի պետական դպրոցի պետի տեղակալ: Միեւնոյն ժամանակ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան Էրեբունիի զինուորական կոմիսարիա, առանց սահմանուած փաստաթուղթերու եւ ստուգումներու, մեղադրեալի կեղծ տուեալներով կազմուած է սպայի անձնական գործ: 2011-ի Դեկտեմբեր 23-էն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէն մեղադրեալին, «դրամական օժանդակութիւն» հիմնաւորումով, ամէն ամիս փոխանցուած են գումարներ:

Նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգին մէջ նման ծառայողի վերաբերեալ տուեալներ գրանցուած չեն եւ այդպիսի տուեալներով անձ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան սպայական, ենթասպայական եւ շարքային կազմի պայմանագրային պաշտօններուն մէջ երբեւէ չէ ծառայած:

2015-ի Փետրուար 9-ին ՀՀ ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութիւնը արգելանք սահմանած է հետախուզուող մեղադրեալին, կեղծ տուեալներով անձի սահմանահատումներու նկատմամբ:

2015-ի Փետրուարին, մեղադրեալը ՀՀ ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէն յայտնաբերուած է Վանաձոր, սակայն ազատ արձակուած, առանց ներկայացուելու նախաքննական մարմին:

2015-ի Ապրիլ 24-ին, մեղադրեալը «Զուարթնոց» օդակայանէն, իր կողմէն օգտագործուող կեղծ անձնագիրով, փորձած է մեկնիլ ՀՀ-էն: ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայողներու կողմէն վերջինիս սահմանահատումը կասեցուած է, եւ յանձնուած է ՀՀ ոստիկանութեան «Զուարթնոց» օդակայանի բաժնի ծառայողներուն: Սակայն հետախուզուող մեղադրեալը քանի մը ժամ ետք արգելանքէն ազատած է եւ նոյն օրը ՀՀ ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէն վերացուած է վերջինիս սահմանահատումներուն նկատմամբ սահմանուած վերը նշուած արգելանքը, որմէ վեց օր յետոյ՝ Ապրիլ 30-ին, մեղադրեալը մեկնած է ՀՀ-էն: Հետագային ալ մեղադրեալը շարունակած է ազատօրէն տեղաշարժիլ եւ անցնիլ սահմանը:

Հաշուի առնելով, որ յայտնաբերուած են ՀՀ ոստիկանութեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետական յատուկ ծառայութիւն կատարող շարք մը պաշտօնատար անձերու կողմէ պաշտօնէական դիրքը ծառայութեան շահերուն հակառակ օգտագործելու եւ ծառայողական պարտականութիւնները չկատարելու առերեւոյթ տուեալներ, 2020-ի  Մայիս 15-ին ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 308-րդ յօդուածի (պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահիլ) 2-րդ մասով յարուցուել է քրէական գործ, որ ըստ քննչական ենթակայութեան ուղարկուած է ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment