Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Կլէնտէլի Մէջ Վարակակիրներու Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Կլէնտէլի Մէջ Վարակակիրներու Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը կը շարունակէ բարձրանալ Լոս Անճելըս Գաւառը ընդգրկող քաղաքներուն մէջ:

Ամէնէն աւելի մտահոգիչ է պարագան Կլէնտէլի մէջ, ուր 200 հազար բնակչութեան գրեթէ կէսը հայեր են եւ մինչեւ օրս արձանագրուած է մօտ 800 վարակակիր ու 52 մահ: Համեմատելով մօտակայ միւս քաղաքներուն հետ, Կլէնտէլը ամենէն բարձրն է Լոս Անճելըս եւ Լոնկ Պիչ քաղաքներէն ետք, որոնք ունին յաջորդաբար չորս միլիոն եւ 500 հազար ժողովուրդ:

Գաւառի Առողջապահական Բաժանմունքի ամէնօրեայ ասուլիսներու ընթացքին Նօնա Յովանիսեան յաճախ Հայերէն լեզուով պատգամ կ՛ուղղէ՝ կոչ ընելով Ամերիկահայ համայնքին, որ շարունակեն հետեւիլ առողջութեան կանոններուն, չվարակուելու համար հիւանդութեամբ:

Լոս Անճելոս Գաւառի Առողջապահութեան Բաժանմունքի հրապարակած վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, Մայիս 13-ի դրութեամբ հայաշատ այլ շրջանները կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը. Պըրպէնք 318 վարակի դէպք, Հոլիվուտ 214 դէպք, Փոքրիկ Հայաստան 164 դէպք, Մոնթեպելլօ 231 դէպք, Հիւսիսային Հոլիվուտ 517 դէպք, Նորթրիճ 225 դէպք, Փասատինա 593 դէպք, Սանլէնտ 113 դէպք եւ Թահանկա 94 դէպք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment