Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տոնալտ Թրամփ Մերժեց Հետեւիլ Գոնկրէսի Օրինակին

Տոնալտ Թրամփ Մերժեց Հետեւիլ Գոնկրէսի Օրինակին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանոլտ Թրամփ Ապրիլ 24-ի տարեկան յայտարարութեան մէջ դարձեալ չօգտագործեց Հայկական ցեղասպանութիւն եզրը:

Անցեալ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն  Գոնկրէսի երկու պալատները` Ներկայացուցիչներու  Տունը եւ Ծերակոյտը յաջորդաբար ճանչցած էին ու վերահաստատած` Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Հակառակ բազմաթիւ գոնկրէսականներւ կոչերուն, Սպիտակ Տան կողմէ տարածուած յայտարարութիւնը մեծ մասով կրկնութիւն էր նախորդ տարիներու նախագահական խօսքերուն:

Ստորեւ` նախագահ Թրամփի յայտարարութիւնը.

«Այսօր մենք կը միանանք համաշխարհային հանրութեան, յիշելու 20-րդ դարու ամենասարսափելի զանգուածային վայրագութիւններէն մէկու՝ Մեծ Եղեռնի զոհերը։ Սկսեալ 1915-էն, Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն, մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, կոտորուեցան կամ մահուան երթի դատապարտուեցան։ Յիշատակի այս օրը, մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք անոնց, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը, միեւնոյն ժամանակ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը ամրապնդելու աւելի մարդասէր ու խաղաղ աշխարհ։

Ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, մենք կ’անդրադառնանք Ամերիկայի ու հայ ժողովուրդի ուժեղ եւ ամրացող կապին։ Մենք հպարտ ենք, 1915 թուականի Հայկական եւ սուրիական օգնութիւն մատուցող ամերիկեան կոմիտէի հիմնադիրներու հսկայական ջանքերով, որոնք որոշիչ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրեցին հայ փախստականներուն, եւ շնորհակալ ենք հազարաւոր ամերիկացիներուն, որոնք օժանդակեցին եւ կամաւորագրուեցան օգնելու իրենց տուներէն տեղահանուած հայերուն։

Այս օրը ողբերգութեան լոյսի ներքեւ, մենք ականատես կ’ըլլանք նաեւ հայ ժողովուրդի ուժին ու ամրութեան: Երջանիկ ենք, որ շատ հայեր իրենց հարուստ մշակոյթը բերին մեր ափերը եւ այդքան մեծ ներդրում ունեցան մեր երկրի կեանքին մէջ, ըլլալով զինուորներ, նշանաւոր արուեստագէտներ, անուանի ճարտարապետներ եւ յաջողակ գործարարներ:

Մենք կ’ողջունենք հայերուն եւ թուրքերուն ջանքերը, ճանաչելու եւ հաշուի նստելու իրենց ցաւալի պատմութեան հետ: Այսօր մենք կը հաւատանք, որ այդ մեր պարտականութիւնն է յիշել անոնց, որոնք տառապած են ու զոհուած, եւ կը վերահաստատենք մեր նուիրուածութիւնը, աշխարհի կրօնական եւ  ցեղային փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութեան գործին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment