Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան Թուրքիոյ Մէճլիսէն Ցեղասպանութեան Հարցի Քննարկում Պահանջած է

Փայլան Թուրքիոյ Մէճլիսէն Ցեղասպանութեան Հարցի Քննարկում Պահանջած է

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան առաջարկած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ուսումնասիրութեան առարկայ դարձնել թրքական մեճլիսէն ներս։

Խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուած առաջարկով՝ ան պահանջած է «քննել 1915 թուականին հայ ժողովուրդի վերապրած Մեծ եղեռնը, բացայայտել պատասխանատուներն եւ կազմակերպիչները, առերեսուիլ անցեալին հետ եւ վերականգնել ուշացած արդարութիւնը»:

«1915 թուականի Ապրիլ 24-ին, 250 հայ քաղաքական գործիչ, մտաւորական, լրագրողներ ձերբակալուեցան եւ քշուելով դէպի Չանքըրը ու Այաշ, սպանուեցան: Այդ օրը ողջ աշխարհի մէջ ընդունուած է որպէս Օսմանեան կայսրութեան հայերու զանգուածային ոչնչացման պատճառ դարձած Հայոց ցեղասպանութեան սկիզբ», – ըսուած է հայցադիմումին մէջ:

Փայլան շեշտած է, որ հայ ժողովուրդի վերապրած ողբերգութիւնը բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններու օրակարգերուն վրայ եղած է եւ ճանաչուած իբրեւ ցեղասպանութիւն:

Հայազգի պատգամաւորը համոզուած է, որ արդարութեան հաստատման միակ տեղը Թուրքիոյ մեճլիսն է:

Փայլան այսօր իր թուիթըրեան էջին վրայ նաեւ գրած է. «Յարգանքով կ’ոգեկոչեմ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը։ Հայ ժողովուրդը 105 տարի է արդարութիւն կը սպասէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment