Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յայտարարութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակի Առիթով

Յայտարարութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակի Առիթով

by MassisPost

Այսօր, համայն մարդկութեան համար դժուարին պայմաններու ներքոյ կ’ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը և հակառակ այն հանգամանքին, որ ոգեկոչման հրապարակային ձեռնարկներն ու քայլարշաւները փոխարինուած են առցանցային ու խորհրդանշական միջոցառումներով, մենք կը շարունակենք մնալ հաստատակամ մեր իրաւունքներու հետապնդման ու արդարութեան վերականգնման պայքարին մէջ:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը և կը մերժէ առերեսուիլ իր պատմութեան սեւ էջերուն հետ: Սակայն, ի հեճուկս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը կը շարունակէ գրանցել նորանոր յաջողութիւններ, յատկապէս անցեալ տարի ԱՄՆ Ծերակոյտի և Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող զոյգ բանաձեւերու ընդունումով, հակառակ թրքական բացայայտ սպառնալիքներուն և ճնշումներուն:

Այս առիթով, մենք վերստին կ’ուզենք գնահատանքի և երախտագիտութեան խօսք յղել ԱՄՆ Գոնկրէսի անդամներուն և Թուրքիոյ այն խիզախ մտաւորականներուն, որոնք կը շարունակեն պայքարիլ յանուն ճշմարտութեան: Նաև, անգամ մը ևս կոչ կ’ուղղենք թրքական կառավարութեան վերջապէս ընդունիլ Ցեղասպանութեան փաստը և այդպիսով դուռը բանալ Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև բաց երկխօսութեան:

Այս օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի համաճարակի դէմ, մենք գոհունակութեամբ ականատես կ’ըլլանք հայ ժողովուրդի միասնականութեան ու մարդասիրական ոգիի դրսեւորման, երբ զանազան հայահոծ գաղութներէ ներս կը նախաձեռնուին նպաստաբաշխումներ և այլ օգնութիւններ համաճարակի հետեւանքով կարիքաւոր դարձած ընտանիքներուն և անհատերուն:

Վստահ ենք, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին միասնական ջանքերով պիտի կարողանանք յաղթահարել այս դժուարին հանգրուանը և գալիք տարիներուն վերանորոգուած եռանդով ու բազմահազար շարքերով պիտի շարունակենք բարձրացնել մեր բողոքի ձայնը յանուն արդարութեան ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման:

Կը յիշե’նք և կը պահանջե’նք:

Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական Վարչութիւն
Ապրիլ 24, 2020

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment