Վստահ եղէք, որ ճգնաժամէն դուրս պիտի գանք աւելի ուժեղ, աւելի խոհեմ եւ աւելի կարող
Հ.- Լիբանանահայուն վրայ ի՞նչ ժխտական ազդեցութիւն ձգեց Գորոնա ժահրը:
Պ.- Բոլորիս գաղտնիք մը չէ, որ 2020 թուականը անբաղձալի անակնկալներ մատուցած է համայն մարդկութեան, ներռաեալ` Լիբանանը: Բնականաբար, մենք եւս զերծ չենք մնացած Գորոնա ժահրի արհաւիրքէն: Ազդուած են մեր աշխատանքները, մեր ընկերատնտեսական կեանքը, մեր օրերը ազատօրէն եւ ուրախութեամբ վայելելու հնարաւորութիւնը: Աւելին` վտանգուած է մեր եւ մեր հարազատներուն, ծանօթ-անծանօթներուն կեանքը: Գորոնա ժահրի համաճարակը չէ խնայած ոեւէ մէկը, առանց մարդ արարածին յատուկ խտրականութեան, ցեղային, սեռային, թէ տարիքային սահմանափակումներու:
Այսպիսի աղէտի մասին մենք լսած ենք միայն պատմութեան գիրքերուն մէջ, կամ դիտած ենք շարժապատկերտներէն: Գերարդիական արհեստագիտութեամբ յագեցած ընկերութիւններուն եւ պետութիւններուն համար դժուար էր պատկերացնել, թէ ինչպէս կարելի է անկարող եւ անօգնական մնալ այսպիսի համաշխարհային ճգնաժամի դիմաց: Եւ եթէ այլ հիւանդութիւններու պարագային լուծումը առկայ է ու յստակ, այս պարագային բժշկութիւնն ու գիտւթիւնը տակաւին չեն յաջողած գտնել դարմանն ու կանխարգիլումի պատուաստը: Գուցէ այդ կարօտի որոշ ժամանակի:
Հ.- Մինչ այդ , ի՞նչպէս պաշտպանուիլ:
Պ.- Առաջին հերթին պէտք է վերջապէս գիտակցիլ, որ այս ժահրը անուղղակի կամ ուղղակի ձեւով կրնայ հարուածել բոլորը: Պէտք չէ ենթադրել, որ երիտասարդները եւ առողջ մարդիկ պաշտպանուած են վտանգէն, կամ թէ այս ժահրը այդքան ալ մահացու չէ, հետեւաբար կարելի է մեր սովորական կեանքը շարունակել, մինչ ուրիշներ կը տառապին: Առայժմ մեր շրջանակներուն, մեր երկրին եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ վարակի յաւելեալ տարածումը կանխելու եւ յաւելեալ կորուստներէ խուսափելու միակ միջոցը ինքնամեկուսացումն է եւ ընկերային ոչ-անհրաժեշտ շփումներէ խուսափումը, ինչպէս նաեւ խուճապի չմատնուիլն ու անհիմն լուրերու չհաւատալը:
Հ.- Որքա՞ն ժամանակ պէտք արգելափակուիլ տան մէջ:
Պ.- Պարզ է, որ երկար ժամանակ տունը մնալը կ’անհանգստացնէ բոլորը եւ մենք կþուզենք շատ շուտով վերադառնալ մեր սովորական բնականոն կեանքին: Այսուհանդերձ, առայժմ այլընտրանք չունինք քան տան մէջ մնալը: Եթէ կþուզենք կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալ գործի, տեսնել հարազատներն ու ընկերները, ապա պէտք է զոհողութիւն, այս փուլին անհրաժեշտ է մնալ կարգապահ, խիստ լրջութեամբ գործադրել ինքնամեկուսացումի եւ ընդհանուր զօրաշարժի ցուցմունքները, որպէսզի շրջափակենք Գորոնա ժահրի տարածումի հնարաւորութիւնները եւ ժամանակի ընթացքին տապալենք անոր վտանգը, այն ինչ այսօրուայ դրութեամբ բաւական դրական ցուցանիշ արձանագրուած է:
Հ.- Գորոնայէն առաջ եւ Գորոնայէն յետոյ ի՞նչ:
Պ.- Գորոնայէն յետոյ, վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր անձ ժամանակ ունեցած պիտի ըլլայ իր մեկուսացման օրերուն վերարժերւորելու իր կեանքի անցած ուղին: Սովորաբար բանտարկեալները այդպէս կ’ընեն: Հաւանաբար կարեւոր եզրակացութիւններու հասած կրնայ ըլլալ, ինչպէս օրինակ, որ կեանքի մէջ ամէն բան նիւթականով չէ եւ հարստութիւնը, պաշտօնը կամ ծանօթութիւնները միշտ չէ որ կրնան բոլոր հարցերը լուծել: Ոխակալութիւնը, նախանձութիւնը եւ դրամապաշտութիւնը կը քանդէ մարդ արարածին կեանքը եւ զինք կը դժբախտացնէ: Յուսանք, որ մեր ժողովուրդը Գորոնայէն ետք աւելի իրապաշտ եւ հոգատար կերպով կը մօտենայ կեանքին եւ մեր ազգային արժէքներուն:
Հ.- Եզրափակելու համար, ի՞նչ խօսք ունիք ըսելու:
Պ.- Մենք կը բոլորենք աննախադէպ փուլ մը եւ միայն միասնականութեամբ, իրար օգնելով, մեր դժուարութիւնները բաժնելով կարողութիւն ունինք որպէս մէկ հաւաքականութիւն ձերբազատելու այս արհաւիրքէն: Երբեք չխորհինք, թէ կրնանք սովորական կեանքի վերադառնալ, եթէ ուրիշներ տակաւին արգելափակուած են իրենց տուներուն մէջ: Քիչ առաջ մատնանշեցի Գորոնայի պատճառած ժխտական երեւոյթները, բայց կայ նաեւ դրական բաժինը, որ մեր կազմակերպութիւնները եւ համայնքները ինչպէս գործի անցան դիմակայելու համար այս մարտահրաւէրը: Մեր երիտասարդութիւնը, անտեսելով վարակի վտանգը հասաւ եւ կը հասնի մեր կարիքաւորներուն: Մենք մեր ժողովուրդը երբեք չենք լքեր. հակառակ մեր սահմանափակ նիւթական կարողութիւններուն, երբեմն նման մարտահրաւէրներու առաջ նոյնիսկ կարողութեան մեր սահմանները կþանցնինք` ժողովուրիդն հետ մնալու համար: Այժմ պահն է վերականգնելու մեր հաւաքականութիւնն ու միասնականութիւնը: Վստահ եղէք, որ ճգնաժամէն դուրս պիտի գանք աւելի ուժեղ, աւելի խոհեմ եւ աւելի կարող: Մեր գործերը մեր աշխատասիրութեամբ պիտի վերականգնենք, սակայն մեր սիրելիներուն կեանքը չենք կրնար վերականգնել: Հետեւաբար, այժմ պահն է կարգապահութեան եւ միասնականութեան: