Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ. «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Հասաւ 921-ի, Բուժուած Է 138 Մարդ, Մահացած՝ 10ը

Հայաստանի Մէջ. «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Հասաւ 921-ի, Բուժուած Է 138 Մարդ, Մահացած՝ 10ը

by MassisPost

9 Ապրիլի  դրութեամբ, Հայաստան հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան 28 նոր դէպք, հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը այսօր առաւօտեան 11։00-ի տուեալներով կազմած է 921, յայտնած է Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնի պաշտօնական կայքը։

Առողջացած է 24 քաղաքացի եւս, բուժուածներուն թիւը հասած է 138-ի, կը շարունակեն բուժուիլ 773-ը։ Գրանցուած է մահուան նոր դէպք: 80-ամեայ հիւանդը ունեցած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութիւն, ծանր աստիճանի թոքաբորբ։ Տղամարդը ունեցած է նաեւ շարք մը այլ ուղեկցող քրոնիկ հիւանդութիւններ։ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահուան դէպքերու ընդհանուր թիւը տասն է։ Ըստ կայքին, բացասական հետազօտութիւններու թիւը կազմած է 4902։

Կառավարութեան 9 ապրիլի նիստին, նոր տուեալներուն անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ «Սա նշանակում է, որ մենք շարունակում ենք պահպանել շաբաթուայ սկզբում արձանագրած զգուշաւոր լաւատեսութիւնը, մանաւանդ, որ նոր բուժուածների թիւն էլ 24 է: Մենք առաջիկայում նաեւ սպասում ենք բուժուածների թուի որոշակի աճ, նաեւ մեկուսացումից դուրս եկած քաղաքացիների որոշակի աճ», – նշեց վարչապետը:

Ի դէպ, այսօր յայտնի դարձաւ, որ վիճակագրութենէն դուրս մնացեր էին հաստատուած 12 դէպք, որոնք արձանագրուած են վերջին 40 օրուայ ընթացքին։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, պատճառն այն է, որ վիճակագրութիւնը չէր վարուեր էլեքդրոնային համակարգի միջոցով, սակայն այն այլեւս ինքնագործուած է, եւ վիճակագրական տուեալները մարդկային գործօնով չեն պայմանաւորուած:

«Այս ճշգրտումների ընթացքում մենք յայտնաբերել ենք 12 անճշդութիւն, ի հարկէ, եւս մէկ անգամ կը ստուգուի այդ անճշդութիւնը, հետեւաբար ընդհանուր թուի հաշուառման առումով մենք պէտք է արձանագրենք, որ վարակի մեկնարկից ի վեր Հայաստանում արձանագրուել է «Քորոնա» ժահրի 921 դէպք», – ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը տեղեկացուց, որ վաղը, պարէտատան մէջ պիտի քննարկեն հետագայ ընելիքները, թէ երկուշաբթի օրուընէ ինչ կարգաւորումներ պիտի գործեն։ Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը կ’աւարտի 14 Ապրիլին, յաջորդ երեքշաբթի։

«Վաղուանից արդէն պիտի ստեղծենք օրը 1000 հետազօտութեան հնարաւորութիւն: Առաջին փուլում հնարաւոր է, որ այդ հետազօտութեան թիւը 1000-ի չհասնի, որովհետեւ այնուամենայնիւ քննարկումների արդիւնքում եկանք այն եզրակացութեան, որ պէտք է ցուցում լինի: Այսինքն՝ ուղղակի մարդկանց առանց որեւէ չափանիշի հրաւիրել, եւ հետազօտելը, դա ուղղակի կը լինի ժամանակի եւ միջոցի անիմաստ կորուստ», – յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարարութեան այսօրուայ հաղորդումով, եւս երկու քաղաքացիի մօտ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է, այսպիսով Արցախի մէջ վարակուածներու թիւը հասաւ 3-ի: Աւելի կանուխ յայտնած էին, որ հետազօտման ուղարկած են երեք քաղաքացիէ վերցուած փորձանմոյշներ, փաստօրէն երկուքի պարագային արդիւնքը դրական եղած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment