Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ապրիլ 24-ի Առթիւ Արիւնարշաւ ՀԿԲՄ-ի Կեդրոնէն Ներս

Ապրիլ 24-ի Առթիւ Արիւնարշաւ ՀԿԲՄ-ի Կեդրոնէն Ներս

by MassisPost

«Քորոնա» ժահրի պատճառաւ ստեղծուած տագնապալի իրավիճակներուն առթիւ Ամերիկեան Կարմիր Խաչը հանդէս կու գայ հանրութեան ուղղուած կոչերով, որպէսզի արիւն նուիրեն:

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ) ընդառաջելով այս կոչին, Կարմիր Խաչի հետ համագործակցաբար, Ապրիլ 24-ի օրը կազմակերպած է արիւնարշաւ, որ տեղի պիտի ունենայ Միութեան Փասատինայի կեդրոնէն ներս:

«Արիւնարշաւի կազմակերպումը կը զուգադիպի Հայկական Ցեղասպանութեան 106-ամեակին», կը յայտնէ արիւնարշաւի համակարգող Քաթիա Քրմոյեան: «Իսկապէս մեզի համար մեծ գոհունակութիւն է, որ առիթը ունինք յարգելու յիշատակը մեր զոհերուն, որոնք բնաջնջուեցան մեր պատմութեան ամէնէն սեւ օրերուն, իսկ անոնց շառաւիղները առիթը կ՛ունենան շնորհակալութիւն յայտնելու Կարմիր Խաչի նման բարեսիրական կազմակերպութիւններուն»:

Առողջապահական նկատարումներով, արիւնարշաւը պիտի կատարուի ժամադրութեամբ:

Արձանագրուելու համար այցելել Redcrossblood.org եւ օգտագործել AEBU code-ը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment