Աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը առաջին անգամ չէ, որ ընկերային ցանցերու իր միլիոնաւոր հետեւորդներուն յիշեցուցած է իր հայկական արմատներու մասին. այս անգամ Քարտաշեանի «Թուիթըր»-ի էջ մտնող իւրաքանչիւրի համար ակնյայտ կ’ըլլայ անընդհատ հանդիպող հայկական եռագոյնը: Հեռուստաաստղը յիշած է Հայաստան կատարած վերջին այցը, անոր մանրամասները, բաժնեկցած է Հայաստանի ու իր կապի վերաբերեալ տարբեր օգտատէրերու գրառումներով, Հայաստան այցը կրկնելը համարած է երազ: «Արմէնբրես»-ն առանձնացուցած է անոնցմէ մի քանին:
Վերջին քանի մը ժամերու գրառումներու գրեթէ մեծամասնութիւնը Հայաստանի մասին են: «Հայաստան մեր այցելութիւնն ամենալաւն էր»,-գրած է Քարտաշեանը:
Հեռուստաստղը բաժնեկցած է յայտնի առցանց ծրագրի արդիւնքով, որ, ըստ լուսանկարի, դիմագիծերով կը գուշակէ ազգութիւնը: Այսպիսով Քարտաշեանը 47 տոկոսով նման է հայու, 29 տոկոսով՝ իրլանտացիի, 20 տոկոսով՝ բրիտանացիի եւ 4 տոկոսով՝ սպանացիի: Հեռուստաաստղի էջին մէջ են նաեւ տարբեր օգտատէրերու հրապարակած լուսանկարները՝ Հայաստան կատարած վերջին այցէն: Անոնցմէ մէկն օրինակ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ մկրտութեան օրուայ լուսանկարներէն է: Քարտաշեանը եւս մէկ անգամ վերահաստատած է, որ չի մոռնար իր հայկական արմատները, անոր ակնյայտօրէն հաճոյք պատճառած է օգտատէրերէն մէկուն գրառումը: Օգտատէրը նկատած է. «Քիմը միշտ խենթ սէր կը ցուցաբերէ հայ երկրպագուներու հանդէպ: Ես շատ կը յարգեմ այդ: Ան չի մոռնար իր արմատները»: Հեռուստաաստղն ալ այս միտքը հաստատած է՝ այս գրառմամբ բաժնեկցելով իր էջին մէջ ու նշելով. «Ես անոնց չափազանց շատ կը սիրեմ»:
Քարտաշեանը վերջին քանի մը ժամերու իր գրառումներով յիշած է ու իր միլիոնաւոր հետեւորդներուն յիշեցուցած է Հայաստան կատարած իր վերջին այցի մանրամասները: «Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր ու թանգարան-հիմնարկ այցը խորաթափանց փորձերէն մէկն էր: Այն աչքեր կը բանայ: Ես շատ բան իմացայ հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին»,-գրած է հեռուստաաստղը:
Քարտաշեանը յիշած է նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ իր ճաշը՝ գրելով. «Ինծի համար մեծ պատիւ էր ճաշել Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ անոր տիկնոջ հետ»: Քարտաշեանը նաեւ գրած է, որ շատ կը հաւնի Հայաստանի մէջ առնուած լուսանկարներու շարքը: «Այս լուսանկարները միշտ պիտի մնան, եւ մենք ամենալաւ յիշողութիւններն ունինք»:
Նոեմի Ուեսթ անունով օգտատէրը նկատած է, որ հեռուստաաստղը շատ կը հետաքրքրուի Հայաստանով, հայ ժողովուրդով եւ Հայոց ցեղասպանութեամբ: «Ան միշտ կը փորձէ աշխարհին տեղեկացել՝ հպարտ է, որ հայ է»,-գրած է ան:
Տիանա անունով օգտատէրը գրած է՝ շատ կ’ուզէր, որ Քարտաշեանի ամուսինը՝ Քանյէ Ուեսթը ըլլար Հայաստան ՝ տեսնելու երեխաներու մկրտութիւնը։ Այս գրառումը Քարտաշեանին յիշեցուցած է Երեւանի Կարապի լիճին մէջ ամուսինին բազմահազարանոց հանդիսատեսով ու անմոռանալի ելոյթը: Ան գրած է՝ կը փափաքէր լիճին մէջ կրկին ելոյթը կրկնել: «Մենք ամենալաւ ժամանակը անցուցած ենք այնտեղ»,-նշած է աստղը:
Օգտատէրերէն մին հետաքրքրուած է՝ կը պատրաստուին արդեօք երեք աղջիկները (նկատի ունի Քարտաշեան քոյրերը) կրկին վերադառնալ Հայաստան: Քիմն արձագանգած է. «Այդ մեր երազն է»: