Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ղեկավարները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին 2016-ի Ապրիլեան Պատերազմի Հերոսներու Յիշատակին

Հայաստանի Ղեկավարները Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին 2016-ի Ապրիլեան Պատերազմի Հերոսներու Յիշատակին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցած  2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին, հաղորդած է պետութեան ղեկավարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Վարչապետը ծաղիկներ խոնարհած է Ապրիլեան պատերազմի զոհերու, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի շիրիմներուն:

Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ դրած է զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

Կառավարութեան 2 ապրիլի նիստի ժամանակ վարչապետը մասնաւորապէս ըսած է. – «2016 թուականի Ապրիլեան պատերազմի վերաբերեալ կան ամենատարբեր գնահատականներ, ամենատարբեր կարծիքներ, բայց կարծում եմ, որ պատերազմը, տեղի ունեցածը տուեց հարցերից թերեւս ամենակարեւորի պատասխանը: Իսկ հարցը հետեւեալն էր, թէ անկախութեան սերունդը որքանով է ի վիճակի պաշտպանել սեփական հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը: Եւ, կարծում եմ, այդ պատասխանը պերճախօս կերպով տրուեց, որովհետեւ մեր անկախութեան սերնդի զինուորները՝ ի հարկէ, ոչ միայն նրանք, բայց մեր անկախութեան սերնդի զինուորները, երիտասարդները դարձան անօրինակ սխրանքների հեղինակներ՝ սրանով, ի վերջոյ, իսկապէս պատասխանելով հարցերից թերեւս ամենակարեւորին»:

«Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը, հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս պէտք է վստահ լինի, որ, այո՛, Արցախեան ազատամարտի առաջին սերնդի մեր ներկայացուցիչներին՝ հայրենիքի պաշտպաններին, եկել է համալրելու նոր սերունդը, որը նոյնպէս, գուցէ ոչ նոյն կերպ, բայց նոյնքան վճռական պատրաստ է կանգնել սեփական հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերում, եւ սա կարծում եմ՝ այլեւս կասկածի տակ չէ», – յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան:

Նախագահ Արմէն Սարգսեանին, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելութեան ժամանակ, ուղեկցած են Հայկական բանակի նախկին ժամկէտային զինծառայողներ՝ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի աշխատակիցներ Գոռ Տարմանեանը եւ Լիփարիտ Մելքոնեանը, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակից Արկատի Անտրէասեանը: Զինուած ուժերու մէջ իրենց ծառայութեան ընթացքին անոնք աչքի ինկած են իրենց մարտական բարձր պատրաստականութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, վիրաւորուած  մարտական գործողութիւններու ժամանակ: Անոնք աշխատանքի ընդունուած են «Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, որու նպատակն է օժանդակել զինուորական ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներուն, անոնց ապահովել աշխատանքով:

Արմէն Սարգսեանը եւ անոր ուղեկցող հայրենիքի պաշտպանները ծաղիկներ դրած են  2016-ի ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու ժամանակ իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու շիրիմներուն եւ յարգանքի տուրք մատուցած անոնց յիշատակին, ըսուած է նախագահականի հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment