Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Կրնան Վարակուիլ Բնակչութեան Մինչեւ 4.7 %-ը

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Կրնան Վարակուիլ Բնակչութեան Մինչեւ 4.7 %-ը

by MassisPost

Օքսֆորտ համալսարանի Մարդկութեան ապագայի ինսթիթութի (Future of Humanity Institute) գիտնականները մոտելաւորման հարթակ գործարկած են: Համադրելով տարբեր աղբիւրներէ ստացած տեղեկատուութիւնը, անոնք կը կանխատեսեն «Քորոնա» ժահրի համավարակի ընթացքը տարբեր երկիրներու մէջ:

«Կ’ուզենք ընդգծել, որ իրական պատկերը կախուած կ’ըլլայ մարդոց գործողութիւններէն: Համավարակին դիմադրելու ուժգնութիւնը մեր ընտրութիւնն է, սակայն նոյնիսկ որոշակի մակարդակ ապահովելու պարագային արդիւնքը անորոշ  կը մնայ»,- նշած են գիտնականները:

Ըստ COVID-19 Forecasting մոտելաւորման հարթակին, Հայաստանի «աշխոյժ վարակուածներու (active infections)» քանակը այս պահուն կրնայ կազմել 3619 մարդ, ներառելով անոնց, որոնք չունին որեւէ ախտանշաններ եւ առայժմ վարակակիր չեն:

Ըստ մոտելաւորման համավարակի գագաթնակէտին, Հայաստան կրնայ վարակուիլ 43-էն 140 հազար մարդ կամ բնակչութեան 1.5-էն 4.7 տոկոսը:

Ըստ մոտելաւորման, մինչեւ 2021 թուական վարակուածներու թիւը Հայաստանի մէջ կրնայ տատանիլ 1.3 միլիոն մարդէ մինչեւ 2.3 միլիոն մարդու կամ բնակչութեան 44-էն 80 տոկոսի միջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment