Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Միացած է Թուրքիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան Պատժամիջոցներուն

Հայաստանը Միացած է Թուրքիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան Պատժամիջոցներուն

by MassisPost

Հայաստանը, Հիւսիսային Մակեդոնիան, Մոնթենեկրոն, Ալպանիան եւ Իսլանտան միացած են Թուրքիոյ դէմ Եւրոպական միութեան պատժամիջոցներուն, կապուած Կիպրոսի Հանրապետութեան բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուող ապօրինի որոնողական, հորատման աշխատանքներուն հետ։ Այս մասին, ինչպէս կը գրէ ԹԱՍՍ-ը, ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ճոզէֆ Պորել իր  յայտարարութեան մէջ։

«Եւրոպական Միութեան անդամագրութեան համար թեկնածու երկիրներ՝ Հիւսիսային Մակեդոնիան, Մոնթենեկրոն եւ Ալպանիան, Եւրոպական Միութեան տնտեսական գօտիին մէջ ընդգրկուած Իսլանտան, ինչպէս նաեւ Հայաստանը միացած են Եւրոպական Միութեան խորհրդի այս որոշման։ Անոնք կ’ապահովեն, որ իրենց ազգային քաղաքականութիւնը համապատասխանէ Եւրոպական Միութեան որոշման։ ԵՄ-ը ի գիտութիւն կ’ընդունի այդ պարտաւորութիւնը եւ կ’ողջունէ զայն»,- ըսած է  Պորելը։

Նշենք, որ Եւրոպական Միութիւնը փետրուարի վերջաւորութեան, ընդլայնեց պատժամիջոցները Թուրքիոյ դէմ, Կիպրոսի Հանրապետութեան տարածքին մէջ հորատման գործողութիւններուն համար: Սահմանափակող միջոցներ ձեռնարկուած են Թուրքիոյ պետական նաւթային ձեռնարկութեան TPAO (Turkish Petroleum Corporation) փոխ նախագահի եւ հետախուզական վարչութեան պետ՝ Մեհմետ Ֆերուք Աքալինի, ինչպէս նաեւ գերատեսչութեան անոր տեղակալի՝ Ալի Քոսքուն Նամօղլուի դէմ:

Յիշեցնենք, որ բնական կազի մեծ պաշարներ յայտնաբերուած են Կիպրոսի Հանրապետութեան բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ: Սեպտեմբերին, կղզիի կառավարութիւնը պայմանագիր կնքած է ֆրանսական Total եւ իտալական Eni ընկերութիւններուն հետ։ Սակայն, հոկտեմբերի սկիզբը, Թուրքիան իր սեփական հորատման նաւը ուղարկեց այդ տարածքը, անոր ուղեկցող ռազմանաւերով:

Թուրքիան, որ չէ ճանաչած Կիպրոսի Հանրապետութիւնը 1963 թուականէն ի վեր, կը վիճարկէ այս կղզիի պետութեան բացառիկ տնտեսական գօտիի տարածքը ու կը յայտարարէ, որ թոյլ չի տար կատարելու երկրաբանական ուսումնասիրութիւններ կղզիի ափերէն դուրս, առանց Կիպրոսի թրքական համայնքի համաձայնութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment