Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրատապ Աջակցութեան Կարիք Ունին «Քորոնա» Ժահրի Հետեւանքով Գործազուրկ Դարձած Քաղաքացիները. Վարչապետ

Հրատապ Աջակցութեան Կարիք Ունին «Քորոնա» Ժահրի Հետեւանքով Գործազուրկ Դարձած Քաղաքացիները. Վարչապետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ այսօր շարունակուած են քննարկումները, «Քորոնա» ժահրի հետեւանքներու չէզոքացման միջոցառումներու վերաբերեալ, յայտնած են կառավարութենէն:

Մասնաւորապէս, քննարկուած են ընկերային առանձին խումբերու համար ստեղծուած իրավիճակի մեղմացման ուղղութեամբ յետագայ քայլերը, օժանդակութեան գործիքները եւ գործելակերպերը: Ամփոփուած են նախորդ քննարկման ժամանակ հնչած գաղափարները, ներկայացուած են կառավարութեան կողմէ երէկ ընդունուած ընկերային աջակցութեան փաթեթի շահառուներու շրջանակի ընդլայնման միտուած շարք մը առաջարկութիւնները:

Վարչապետը անդրադարձած է, քաղաքացիներու հետ իր ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին շօշափուած հարցերուն եւ արձանագրած, որ հիմա հրատապ աջակցութեան կարիք ունին «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով գործազուրկ դարձած քաղաքացիները, որոնք ալ պէտք է ըլլան առաջնահերթ թիրախը: Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է պատասխանատուներուն, շարունակել միջգերատեսչական աշխատանքը առաջացած գաղափարներու լրամշակման ուղղութեամբ եւ անոնց հիման վրայ, Կիրակի օրը, քննարկման ներկայացնել ընկերային աջակցութեան միջոցառումներու փաթեթի ընդլայնման եւ հասարակութեան առանձին շերտերուն օժանդակութեան տրամադրման նախագիծ:

Խորհրդակցութեան քննարկուած են նաեւ կառավարութեան կողմէ երէկ հաստատուած տնտեսական եւ գիւղատնտեսական աջակցութեան ծրագիրներու կատարման կարգին վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment