Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Ամփոփած է Հայաստանի Գործարար Միջին եւ Փոքր Նախաձեռնութիւններու Զօրակցութեան Ծրագրեր

Կառավարութիւնը Ամփոփած է Հայաստանի Գործարար Միջին եւ Փոքր Նախաձեռնութիւններու Զօրակցութեան Ծրագրեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ շարունակուած են տնտեսական հակաճգնաժամային միջոցառումներու եւ տնտեսութեան առողջացման ուղղուած միջոցառումներու եւ առաջարկութիւններու շուրջ քննարկումները:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը եայտնէ, որ մասնաւորապէս անդրադարձած են պիզնէսի  աշխատատեղերու պահպանման գծով աջակցութեան գործիքակազմերուն, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած աշխատանքը կորսնցուցած ծնողներու երեխաներուն ընկերային օժանդակութիւն ցուցաբերելու ծրագիրներուն:

Վարչապետը կարեւորած է միջոցները արդարացի բաշխելու ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլեր կատարելը եւ ընդգծած է թիրախային հասցէականութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ կառավարութեան կողմէ պիզնէսին աջակցութիւնը եւս ուղղուած է մարդուն, որ այդպիսով պիտի պահպանէ իր աշխատանքը:

Վարչապետը պատասխանատուներուն եանձնարարած է վերջնական տեսքի բերել «Քորոնա» ժահրի տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման ծրագրային փաթեթները եւ ներկայացնել կառավարութեան յառաջիկայ նիստին, հաստատման

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment